ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Հ.Յ.Դ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷԻ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Հ.Յ.Դ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷԻ

Read in English

Մամուլէն իմացանք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կինը՝ Աննա Յակոբեան, այսօր հասած է Լոս Անճելըս։

Տիկ. Յակոբեան կը ներկայացնէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձախողակ դիւանագիտութիւնը, թշնամիին նկատմամբ իր երկչոտ վերաբերումը, իր ընդդիմադիրներուն դէմ իր գործադրած բռնարարքները, Հայաստանի ու Սփիւռքի հայութեան դէմ բաժանարար եւ սպառնալից մօտեցումները, մեր անհետ կորսուած եւ գերեվարուած զինուորները վերադարձնելու իր անկարողութիւնը, յետպատերազմեան մարդասիրական տագնապին նկատմամբ իր ապաշնորհ կեցուածքը, իր սուտերը պատերազմէն առաջ, անոր ընթացքին ու անկէ վերջ, իր դաւադրամտութիւնը՝ գաղտնաբար ստորագրելով մեր հողերը յանձնելու յայտարարութեան տակ, պատերազմը ղեկավարելու իր քանդիչ մեթոտաբանութիւնը, որ յանգեցաւ հազարաւոր զինուորներու նահատակութեան եւ փաստօրէն՝ ատրպեճանական օրակարգը պաշտպանելն ու առաջ մղելը։

Մենք յստակ պատգամ մը ունինք տիկ. Յակոբեանին, որ մեր համայնքը կ՚այցելէ առանց նախապէս յայտարարելու եւ մեզի անծանօթ պատճառներով։

Ձեր ներկայութիւնը ողջունելի չէ հոս, տիկ. Յակոբեան։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէ

Share