ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ

Սիրելի հայրենակիցներ,

Ծանր ու վտանգաւոր կացութեան մէջ է Հայաստանը։ Վտանգուած է պետութեան գոյութիւնը, որովհետեւ տիրող վարչախումբը, անցնող մօտաւորապէս 3 տարիներուն ընթացքին, կարծէք միտումնաւոր կերպով, օրէ օր տկարացուց Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցները։ Իսկ պատերազմի օրերուն, նոյն այդ վարչախումբին ու անոր ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի ապաշնորհ ու դաւաճանական կառավարման իբրեւ արդիւնք, մենք ունեցանք շատ ծանր կորուստներ, թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ հողային։ Ունեցանք տասնեակ հազարաւոր նահատակներ ու վիրաւորներ, կորսնցուցինք մեր հայրենիքին մօտաւորապէս 25 տոկոսը, գրեթէ Լիբանանի չափ հողատարածք։

Այս կացութեան մէջ, երկրին ու պետութեան ճակատագրով մտահոգ խումբ մը քաղաքական ուժեր, ներառեալ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, կը փորձեն փրկել այն ինչ որ կարելի է դեռ փրկել։ Այս ճիգերուն մէջ առանցքային է Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը, իբրեւ պետութեան կործանման գործընթացին դիմադրող ուժ։

Ու ճիշդ այս օրերուն, երբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ու յատկապէս անոր Հայաստանի կազմակերպութիւնը ամբողջ ուժով լծուած է հայրենիքի փրկութեան առաջնահերթ գործին, հարուած կը ստանայ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ մենատիրական ու անջատողական ձգտումներով խմբաւորումէ մը։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին կողմէ 8 Մարտ 2021ին հրապարակուած «Ազդ»ը լայնօրէն կը բացատրէր այս երեւոյթը։ Իսկ մեր կազմակերպական կառոյցն ու Կազմակերպական Կանոնները մեզ օժտած են մեր մէջ ծագած անհասկացողութիւնները լուծելու շատ յստակ ու իրենց արդիւնաւէտութիւնը փաստած մեքանիզմներով։ 130 տարուան մեր կենսունակութիւնը ասոր լաւագոյն փաստն է։ Չենք ուզեր մտնել յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ։

Սակայն կ՚ուզենք որ մէկ բան յստակ ըլլայ թէ՛ մեր ժողովուրդին, եւ թէ՛ Հայաստանի ու հայութեան ճակատագրով շահագրգռուած թշնամի թէ բարեկամ ուժերուն ու առ այս կը յայտարարենք,

1.- Մենք քաջ կը գիտակցինք, որ անցեալը կը կրկնուի։ Այն իմաստով, որ ամէն անգամ երբ վտանգուած է Հայաստանի ազգային ապահովութիւնը, կամ անկիւնադարձային հանգամանքներ ստեղծուած են հայ ազգին համար, Դաշնակցութիւնը կը հարուածուի ճիշդ ա՛յդ պահուն, որպէսզի ան չկարենայ լիարժէքօրէն կատարել դիմադրողի ու պաշտպանի իր դերը, որովհետեւ ան միշտ հետամուտ եղած է մեր ազգին ու հայրենիքին բովանդակ շահերուն։ Այդպէս եղաւ Արցախեան ազատագրական պայքարի օրերուն, երբ հալածանք շղթայազերծուեցաւ Դաշնակցութեան դէմ, Լ.Տ. Պետրոսեանի վարչախումբին կողմէ, այդպէս եղաւ ՊՊԾի գունդի գրաւման օրերուն՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան դէմ քարոզչական արշաւով, այդպէս եղաւ 3 տարի առաջ, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանափոխութեան օրերուն, դարձեալ նպատակ ունենալով տկարացնելու Դաշնակցութիւնը, որպէսզի ի վիճակի չ՚ըլլար հետագային դիմադրելու այդ նոյն վարչախումբի պարտուողական քայլերուն։

2.- Այսօր հարուածը կ՚ուղղուի Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութեան, որովհետեւ Սփիւռքի մէջ ան ամենամեծ կարողականութեամբ օժտուած միաւորն է, որ ի վիճակի է լուրջ դեր խաղալու հայրենիքի փրկութեան ճիգերուն մէջ։

3.- Իր ծրագրային-գաղափարական սկզբունքներով եւ քաղաքական առաջադրանքներով, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը մնայ Հայաստանի ու հայութեան բովանդակ շահերու պաշտպան դիրքերու վրայ ու ո՛չ մէկ պարագայի ընկրկած է։ Այսօր եւս, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ թէ ամէնուր, մենք ամուր կը կենանք մեր այս կեցուածքին վրայ։

Ո՛չ մէկ օտար ուժ, ո՛չ մէկ օտար ազդեցութիւն կրնան մեզ շեղեցնել մեր ազգային դերակատարութենէն, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ։

4.- Ամենակարեւորը՝ սթափելու կոչ կ՚ուղղենք բոլոր անոնց, որոնք կամայ թէ ակամայ մաս կազմած են մեզ տկարացնելու միտող վերոնշեալ փորձերուն, որ անդրադառնան իրենց սխալ ընթացքին, անդրադառնան, որ Դաշնակցութեան տկարացումէն միակ շահաւորը մեր ազգի ու հայրենիքի թշնամիներն են (Պաքուն եւ Անգարան), ու անյապաղ հրաժարին իրենց սխալ ընթացքէն։

Կը վստահեցնենք բոլորին, որ մենք իբրեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէ, կը մնանք հաստատակամ ու անզիջող՝ հայրենիքի ու պետականութեան պաշտպանի մեր դիրքերուն վրայ։

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Ապրիլ 5, 2021

Share