Դիմակաւորները

Դիմակաւորները

Ականատես կ՚ըլլանք հայութեան դէմ անխնայ գրոհի մը։ Գրոհը թիրախ ունի թէ՛ հայրենի ժողովուրդը եւ թէ Սփիւռքի գաղթօճախները։ Անոր անմիջական նպատակն է պառակտել եւ թուլացնել մեր հաւաքական դիմադրականութիւնը։ Խորտակելով մեր դիմադրականութիւնը, ան կը ձգտի նսեմացնել մեր ազգային առաքելութիւնը, հակակշռել մեր քաղաքական օրակարգը եւ անղեկ հաւաքականութեան վերածել հայութիւնը՝ հայրենիքէն ներս թէ դուրս։

Կայսերապաշտական, ծաւալապաշտական եւ գաղութատիրական մեկնակէտերով կ՚ընթանայ այս գրոհը։ Անոր հեղինակներն են Թուրքիա, Ամերիկա, Անգլիա եւ անոնց հետեւող որոշ Արեւմտեան պետութիւններ։ Անոնց կ՚աջակցին առատ դրամով կազմակերութիւններ, որոնք կը ներկայանան որպէս ժողովրդավարութեան, իրաւունքներու եւ մարդասիրութեան ջահակիրներ։

Դիմակաւոր է այս գրոհը։ Անոր դիմակն է քաղաքացիական ազատութիւններու, մարդկային իրաւունքներու, խաղաղասիրութեան եւ այլ նման սկզբունքներ, որոնք կը շահագործուին յանուն վեհ գաղափարներու, բայց միշտ ընդդէմ հայութեան ազգային արժէքներու, իղձերու եւ առաջնահերթութիւններու։

Դիմակաւոր այս գրոհը հայութեան մէջ ստեղծած է իր փոքր բանակը։ Այս բանակի հայ դիմակաւորները »վեհ» սկզբունքները կը հակադրեն հայութեան ազգային ղեկավարութեան։ Կը խծբծուին ազգային պատասխանատուներ եւ կառոյցներ այն շինծու մեղադրանքով, որ անոնք ձախողած են, արժանի չեն առաջնորդելու, սխալ ճանապարհներու վրայ են։

Այս դիմակաւորներուն հանդիպեցանք Հայաստանի մէջ՝ Ապրիլ 2018-ին։ Անոնց խռպոտ ձայները կը լսուին Լոս Անճելըսի մէջ, Սիտնիի մէջ, Թորոնթոյի մէջ, Ֆրանսայի մէջ, մինչեւ իսկ Պէյրութի մէջ։

Այս դիմակաւորները մոլորածներ չեն։ Գիտակից են իրենց արարքին, որովհետեւ պատուիրուած են այդպէս գործելու, որպէսզի կարենան վաստկիլ իրենց բաշխուող դրամաները։
Անշուշտ մեզի համար նորութիւն չէ այս նոր գրոհը։ Մենք տեսանք զայն հայկական յեղափոխութեան ընթացքին, Հայաստանի անկախ հանրապետութեան օրերուն, տարասփիւռ հայութեան առօրեային մէջ։ Բայց պարտութեան մատնեցինք այդ բոլորին։

Այս նոր գրոհը եւս կը զգետնենք։ Այդ նուաճումին համար անհրաժեշտ է ճանչնալ դիմակաւորը։ Չտարուիլ անոր տարածած սուտերով։

Պէտք է շարունակել մնալ պինդ… եւ դիմակները մէկ առ մէկ կը բերուին վար։

Սեդօ Պոյաճեան

Լոս Անճելըս
Ապրիլ 9, 2021 

Share