Հիմք ունենալով ՀՀ Սահմանադրութեան եւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Օրէնքի տրամադրութիւնները, Նիկոլ Փաշինեան դադրեցաւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնէն Ապրիլ 25-ին, երբ ան ներկայացուց իր հրաժարականը։ Ներկայիս ան պաշտօնանկի կարգավիճակ ունի եւ, ըստ օրէնքի, իրաւունք չունի շարունակելու պաշտօնավարել իբրեւ վարչապետ։ Ներկայիս իր հանգամանքը պարզ քաղաքացիի հանգամանք է։
Բայց ինչպէս սովոր է հայրենի քաղաքական կեանքի մէջ, կը գտնուին մարդիկ որոնք վարժ են կառքը ջորիէն առաջ դնելու՝ մանաւանդ երբ այդ կը համընկնի իրենց սեփական շահերուն։ Ջորին ետ գցելու տրամաբանութեամբ, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը եւ անոր խորհրդարանական Իմ քայլը խմբակցութիւնը սահմանադրական ու օրինական կարգի անգիտութեամբ կամ գիտակ տգիտութեամբ կը դաւանին, թէ պրն. Փաշինեան պէտք է շարունակէ իր պաշտօնը իբրեւ վարչապետ կամ վարչապետի պաշտօնակատար։ Այս գիտակ տգիտութիւնը գլխաւորողը նոյնինքն պրն. Փաշինեանն է, երբ հրաժարականի ներկայացման ընթացքին յայտարարեց, թէ հրաժարելով հանդերձ ինք պիտի մնայ ու շարունակէ պաշտօնավարել վարչապետի հանգամանքով։ (Եթէ կը յիշէք, երեք տարի առաջ այս կարծիքին ճիշդ հակառակը կը պնդէր «յեղափոխական» Փաշինեանը։)
Փաշինեան իր ողջ էութեամբ եւ արարքով խնդրայարոյց մարդ եղած ու կը մնայ այդպէս։ Հայ հասարակութիւնը ալեկոծելու եւ քանդումներ պատճառելու փաշինեանական յատկութիւնը կարմիր թելով կը քարտէզագծէ Պրն. Փաշինեանի հասարակական կենսագրութիւնը։ Իր խնդրայարոյց ոճով եւ սպառնական գործելակերպով ան արդէն երեք տարի պատանդ բռնած է հայրենի պետութիւնը եւ հասարակութիւնը։ Այսօր, նոյն ոճով ան թիրախ դարձուցած է վարչապետի աթոռը։
Հայաստանի Նախագահի, Ազգային Ժողովի եւ հայրենի ժողովուրդին պարտականութիւնն է թոյլ չտալ, որպէսզի պրն. Փաշինեան կրկին անգամ տապալէ սահմանադրութիւնը եւ անտեսէ օրէնքը։ Մեր բոլորի պարտաւորութիւնն է պահպանել օրէնքի գերակայութիւնը եւ թոյլ չտալ, որ փաշինեանական մենատիրութիւնը շարունակէ իր արմատաւորուելու ընթացքը։
Նախ սկսինք Պրն. Փաշինեանի ներկայացուցած հրաժարականի հիմնաւորումով։
Ըստ պրն. Փաշինեանի, ան կը հրաժարի ի տես յետպատերազմեան շրջանին ստեղծուած ճգնաժամին եւ կը դիմէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու, որուն համար թուական ճշդած է յառաջիկայ 20 հունիսը։
Ողջունելի է պրն. Փաշինեանին կողմէ ճգնաժամի գիտակցութիւնը։ Ճգնաժամը աւելի քան առկայ է եւ երկիրը հասած է գրեթէ անդունդի եզրին։ Նաեւ ողջունելի է իր հրաժարականը, որ արդիւնքն է տիրող ճգնաժամի վերացման համար ժողովրդային բողոքներուն։ Բայց ասկէ անդին է որ կը սկսի Պրն. Փաշինեանի հակասահմանադրական ընթացքը։
Պրն. Փաշինեան սահմանադրական թէ այլ ոչ մէկ լիազօրութիւն ունի ճշդելու եւ որոշելու արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը եւ թուականը։ Այս լիազօրութիւնը կը պատկանի հանրապետութեան Նախագահին։ ՀՀ Սահմանադրութեան հօդուած 93-ը բառացիօրէն կը տրամադրէ, «Ազգային ժողովի հերթական եւ արտահերթ ընտրութիւնները նշանակում է Հանրապետութեան նախագահը»:
Հանրապետութեան Նախագահը ցարդ ոչ մէկ «նշանակում» կատարած է արտահերթ ընտրութիւններու կայացման մասին։ Ըստ իր սովորութեան, իր հաշւոյն եկած ձեւով պրն. Փաշինեան կառքը ջորիէն առաջ կը կապէ։
Ուրեմն, պրն. Փաշինեանի կողմէ արտահերթ ընտրութիւններու «նշանակումը» հակասահմանադրական է եւ անյարիր երկրի օրէնքներուն։ Իբրեւ այդպիսին, այսօր օրինականօրէն գոյութիւն չունի արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու օրակարգ։
«Բայց օրակարգի վրայ է վարչապետի եւ իր կառավարութեան հրաժարկանը որ, ըստ սահմանադրութեան 130-րդ եւ 158-րդ հօդուածներուն, Հանրապետութեան Նախագահը պէտք է «անյապաղ» ընդունի»:
Մեկնելով այն տուեալէն, որ ներկայիս ընդունուած է վարչապետի եւ իր կառավարութեան հրաժարականը, սահմանադրական օրակարգի յաջորդ կէտը նոր վարչապետի մը ընտրութիւնն է։ Սահմանադրութեան Յօդուած 149-ը կը ճշդէ վարչապետի ընտրութեան եւ նշանակման եղանակը։ Եթէ յաջորդական երկու ընտրութիւններով խորհրդարանը չկարենայ նոր վարչապետ ընտրել, ապա Ազգային ժողովը կ՚արձակուի «իրաւունքի ուժով»:
Ներկայիս Իմ քայլը խմբակցութիւնը Ազգային Ժողովին առաջադրած է Նիկոլ Փաշինեանին անունը իբրեւ նոր վարչապետ։ Հետեւաբար, կրկին կը վերադառնանք կառքը ջորիէն առաջ դնելու տրամաբանութեան։ Երկրին մէջ տիրող ճգնաժամի վերացման հիմնաւորումով խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպման համար հրաժարած նոյն անձը կ՚առաջադրուի նոյն վարչապետի պաշտօնին։ Եթէ այս է պարագան, պէտք է հարց տալ, թէ Պրն. Փաշինեան ինչո՞ւ հրաժարական ներկայացուց եթէ կրկին «նոր» վարչապետ պիտի նշանակուի։ Ան կրնար շարունակել պաշտօնավարել մինչեւ արտահերթ ընտրութիւններու աւարտը եւ նոր Ազգային Ժողովի մը կազմութիւնը։
Այսպիսի օրինական անհեթեթութիւն չի թոյլատրեր ՀՀ Սահմանադրութիւնը։
Նկատի ունենալով Պրն. Փաշինեանի հրաժարականի պայմաններն ու հիմնաւորումները, Սահմանադրութեան թիւ 149 յօդուածով արտօնուած չէ հրաժարած անձը նոյն պաշտօնին վերանշանակել իբրեւ «նոր» վարչապետ։ Այսպէս, (ա) պրն. Փաշինեան հրաժարեցաւ, որպէսզի ընտրութիւնները ըլլան անաչառ ու անկողմնակալ, (բ) պրն. Փաշինեան հրաժարեցաւ, որովհետեւ ինքզինք կը համարէ պատասխանատու ստեղծուած ճգնաժամին։ Անաչառ ընտրութիւններու եւ ճգնաժամի պատասխանատուութիւնը կրելուն համար, Ազգային Ժողովի սահմանադրական պարտաւորութիւնն է նշանակել որեւէ ցանկացած անհատ՝ ի բացառեալ Նիկոլ Փաշինեանէ։
Եթէ, հաւատարիմ մնալով սահմանադրութեան եւ օրէնքին, Ազգային Ժողովը որոշէ, հօդուած 149-ի հիմամբ, վարչապետի պաշտօնին նշանակէլ Նիկոլ Փաշինեանէ դուրս անձ մը, նոր վարչապետի իրաւասութիւնն է կազմել իր կառավարութիւնը։ Բայց այս կառավարութեան պարտականութիւնը սահմանափակուած է արտահերթ ընտրութիւններու կայացումով։ Ան իրաւասութիւն չունի նոր ծրագրեր, վարքագիծ կամ պիւտճէ առաջադրելու։ Ան հետամուտ պիտի ըլլայ միայն պետական բաժանմունքներու ընթացիկ գործերու կատարման։ Այսպիսի կառավարութիւն մը սովորաբար կը կոչուի առժամեայ կամ ժամանակաւոր կառավարութիւն։
Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութեամբ կարելի չէ նման կառավարութիւն։ Այս հաստատումին հիմնաւորումները պէտք է որոնել ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ։
Կառավարութեան կազմը եւ կառուցուածքը բացատրող սահմանադրութեան թիւ 147 հօդուածը ամրագրած է, որ. «Կառավարութիւնը կազմուած է վարչապետից, փոխվարչապետներից եւ նախարարներից:» Իսկ թիւ 150 Յօդուածը կը տրամադրէ, «Կառավարութիւնը կազմաւորւում է վարչապետ նշանակուելուց յետոյ», երբ վարչապետը իր կարգին կը նշանակէ կառավարութեան անդամները՝ փոխ վարչապետերը եւ նախարարները։
Այս երկու յօդուածները կը հաստատեն սահմանադրականօրէն վարչապետի գերակայութիւնը, որ զինք կ՚անջատէ կառավարութեան անդամներէն։ Այս իմաստով վարչապետը կառավարութեան գլուխն է, բայց ո՛չ պարզ անդամը։ Վարչապետը կառավարութեան անդամները նշանակողն է, բայց ո՚չ անոնց ստորադասը կամ ենթական։ Վարչապետի պաշտօնը առանձնացուած է կառավարութիւնը բաղկացնող միւս անդամներէն՝ փոխ վարչապետներէն եւ նախարարներէն։
Երբ վարչապետը կը հրաժարի իր պաշտօնէն, ան պաշտօնանկ կը դառնայ։ Կը դադրին իր բոլոր իրաւասութիւնները իբրեւ վարչապետ։ Սահմանադրութիւնը չ՚արտօներ, որ ան շարունակէ պաշտօնավարել իբրեւ պաշտօնակատար կամ այլ հանգամանքներով։
Պրն. Փաշինեանի հրաժարականով այսօր վերջ գտած են իր վարչապետի պարտաւորութիւնները եւ իրաւունքները։ Այսօր գոյութիւն ունի միայն հրաժարեալ կառավարութիւն մը՝ իր փոխ վարչապետներով եւ նախարարներով։ Մինչեւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը անոնք կը մնան պաշտօնակատարներ։ Իսկ վարչապետի թափուր մնացած պաշտօնին համար պաշտօնակատարի պարտականութիւնը կը ստանձնէ փոխ վարչապետներէն մէկը՝ երիցագոյնը, ինչպէս կը տրամադրէ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Օրէնքը։
Սեդօ Պոյաճեան
Ապրիլ 26, 2021
Լոս Անճելըս