Օգոստոս 4, 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումին մօտակայ գտնուող և հայութեան ստուար թիւ ներկայացնող թաղամասերը կը կրէին մեծածաւալ վնասներ, իսկ աւելի քան 200 մահացածներու և բազմահազար վիրաւորներուն կարգին կը գտնուէին բազմաթիւ հայորդիներ:
Քսաներորդ դարու սկիզբէն մայրիներու երկիր Լիբանանը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութենէն ետք առաջին ապաստանարաններէն մէկը, և ան գրկբաց ընդունեց հայութիւնը որ հոն ուռճանալով դարձաւ սփիւռքի հայատրոփ յենարան:
Այժմ Լիբանանի ժողովուրդը, լիբանանահայութիւնը ունենալով իր քաղաքական բաղադրութեան մէջ իբրեւ անբաժանելի մէկ կարեւոր մասը, կը կրէ քորոնաժահրին, նաւահանգիստի պայթումին և տնտեսական բլուզումին հետեւանքները: Լիբանանի ժողովուրդը և բնականաբար լիբանանանահայութիւնը կը գտնուին այս դժուարութիւնները ճակատաբաց դիմագրաւելու և յաղթահարելու մարտահրաւէրին դէմ հանդիման: Առ այդ, լիբանանանհայութիւնը անտարակոյս վայելելու է մեր ամբողջական նեցուկը:
Կասկածէ վեր է որ Միջին Արեւելեան գաղութները մեզի համար ունին ռազմավարական նշանակութիւն և արժէք, Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք մեր Դատի հետապնդման մէջ: Աւելի՛ն, անցեալի նմանօրինակ փորձերէն մեկնած, և մեր բոլորի անսակարկ ու անյապաղ օժանդակութեամբն ու բարոյական յենարանովը, Լիբանանահայութիւնը այս տագնապը յաղթահարելու է և շարունակելու է գրաւել մեր սփիւռքեան խճանկարին մէջ իր իւրայատուկ տեղը: Ինչպէս մի՛շտ ըրած է ան, մեր վերջին հարիւրամեակին:
Արդ, կոչ կ’ուղղենք մեր գաղութի ազգայիններուն մասնակցութիւն բերել ԱՄ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի կազմակերպած Լիբանանի օժանդակութեան դրամահաւագի աշխատանքներուն: Նմանօրինակ նպատակով նաեւ կը բանի ՀՕՄ-ի նախաձեռնութեամբ ծրագիր մը:
Ուժ և կորով լիբանանահայ մեր հայրենակիցներուն:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի
Կեդրոնական Կոմիտէ
Օգոստոս 6, 2021