Կարօ Արմենեան
Հոկտ 5, 2021
Երկու օրէ ի վեր, միջազգային մամուլի հարթակները կը խօսին համաշխարհային վերնախաւի ֆինանսական շիլ գործառնութիւններուն մասին։ Անձնական մեծ հարստութեանց խորհրդաւոր տեղաշարժն է, որ քննարկման նիւթ դարձուցած է ICIJ անուամբ ծանօթ լրագողներու միջազգային կազմակերպութիւնը (International Consortium of Investigative Journalists) և ի մի բերած ծաւալուն մէկ թղթածրար, զոր կը կոչեն Pandora Papers։ Թղթածրարը կը բաղկանայ 11.9 միլիոն գաղտնի փաստաթուղթերէ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՞ս կը գործէ օֆշորային հաշիւներու ստորերկրեայ համակարգը համաշխարհային հանրութեան աչքերէն հեռու՝ մշտապէս սնուցանելով և ապահովելով գոյութիւնը բազմամիլիառ փոխանցումներով ձևաւորուող արտա-օրինական այս գաղտնաշխարհին։
Օֆշոր (offshore) եզրոյթին բառացի իմաստն է «արտափնեայ»…Այսինքն՝ երկրի մը օրինականութեան սահմաններէն դուրս գտնուող տարածք։ Ասոնք դրամատնային (բանկային) հաշիւներ են, որոնք կը գտնուին այնպիսի երկիրներու մէջ, որոնք ունին ֆինանսական յատուկ օրինակարգ հնարաւոր դարձնելով օտարերկրացիներու պատկանող հաշիւներու գաղտնիացումը։ Անոնց «անանձնականացումը»։ Կարելի կը դարձնէ այս նոր կարգավիճակով տեղադրուած գումարներու ազատ տեղաշարժը տեղէ տեղ և անձէ անձ առանց գործող անձանց ինքնութիւնը բացայայտելու և առանց հնարաւոր դարձնելու յիշեալ գործառնութեանց օրինականութեան ճշտումը…Ֆինանսական մէկ համաշխարհային Արշակաւան է ասիկա, որ հեռու է որևէ ուժի հասողութենէն։ Եւ ան գոյութիւն ունի, քանի որ ան «ապահովագրուած» է աշխարհի «մեծ»երու անձնական շահերով։ Կարևոր մէկ մասը այս ֆինանսական գաղտնարաններուն կը գտնուի Քարայիպեան Կղզեխումբի երկիրներուն մէջ (British Virgin Islands, Cayman Islands, Dominican Republic, ևն.)։
ICIJ-ի լրագրողներու հետախուզութիւնը ցարդ երևան բերած է այն, որ այս մութ ջուրերուն մէջ ներկայիս կը նաւարկեն աշխարհակարգի գահերուն վրայ բազմած շարք մը յայտնի պետական դէմքեր մեծ հարցականներու դուռ բանալով և ինքնաբերաբար քաղաքականացնելով այս ամբողջ գործադաշտը։ Ըստ յիշեալ թղթածրարի տուեալներուն, այդ դէմքերու կարգին են յատկապէս Նախ. Փութին և Ազրպէյճանի Ալիևները։ Պէտք չէ զարմանալ, եթէ ի վերջոյ լուսարձակը սևեռի նաև Թուրքիոյ, Իսրայէլի և այլ պետութիւններու վերնախաւի դէմքերուն վրայ. բա՛ն մը՝ որ նոր լոյսի տակ կը բերէ 44-օրեայ Պատերազմի և անոր յաջորդող իրադարձութիւններու ողջ պատճառականութիւնը։
Կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ դեռ պատերազմի թէժ բովին մէջ, ես քանիցս ակնարկած եմ Մոսկուայի և Իլհամ Ալիևի միջև անձնական փոխադարձ շահերու հաւանական գործօնին։ Այժմ պիտի փորձեմ աւելի մանրամասնօրէն նկարագրել յարաբերութիւններու այս գործընթացը, որ, ըստ իս, վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ իրերու հոլովոյթին վրայ։
Բոլոր երևոյթները ցոյց կու տան, որ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր գոյութիւն ունէր — և այսօր ունի — նոր և որակապէս աւելի խորքային յարաբերութիւն մը Ալիևի և Փութինի միջև, հիմնուած՝ փոխադարձ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒ հետզհետէ ամրագրուող իրականութեան մը վրայ, որ, իմ կարծիքով, իր յստակ անդրադարձը ունեցաւ պատերազմի բնոյթին և ելքին վրայ և կը շարունակէ պայմանաւորել յետպատերազմեան դիւանագիտութեան ընթացքն ու ապագան։
Երկար ժամանակ առաջ, Ալիև առաւ ռազմավարական կարևոր որոշում մը։ ԿԵՐՏԵԼ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՌԱԶՄՈՅԺԸ ՌՈՒՍԱԿԱ՛Ն ԶԷՆՔԻ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ։
Հակառակ այն իրողութեան, որ Կասպեան քարիւղի և Բաքու-Ճէյհան նաւթամուղի ծրագրերու իրականացման համար Ազրպէյճանի գործընկերները Արևմտեան ընկերութիւններն էին, սպարազինումի մարզին մէջ Մոսկուան էր, որ եղաւ Ալիևի գլխաւոր հայթայթիչը։ Եւ շուտով պարզ պիտի դառնար, որ շատ մեծ էր ըլլալու Ալիևի ծրագիրը գնումներու այս մարզին մէջ։ Ալիև կը պատրաստուէր հիմնովին յեղաշրջելու ուժերու հաւասարակշռութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ և այդ նպատակի իրագործման համար՝ ստեղծելո՛ւ համապատասխան ռազմական գերակայութիւն և այդ բանին համար ան պէտք ունէր Փութինեան Մոսկուայի սերտ համագործակցութեան։ Պարզ կը դառնար, որ միլիառաւոր տոլարներ ձեռք պիտի փոխէին այս խոշոր առևտուրի բովին մէջ գրգռելով ախորժակը զէնքի միւս մեծապետական հայթայթիչներուն և յատկապէս ԱՄՆ-ի…Բայց Ալիև պիտի մնար հետևողական և ըսէր բոլորին, որ Մոսկուան էր ըլլալու մենաշնորհեալը այս մարզին մէջ։ Եւ այսօր արդէն հասկնալի է, թէ ինչո՞ւ։
Առաջին հերթին, Ալիև «հանգստացուց» Մոսկուան հաւաստիք տալով, որ Կասպեան քարիւղի ճակատին վրայ իր հսկայ եկամուտները ռազմական գնումներու խողովակով ինք հոսեցնելու էր Մոսկուա։ Ստեղծուեցաւ նոր հաւասարութիւն մը։ Քարիւղը՝ Թուրքիոյ և Արևմուտքի՛ն, քարիւղի եկամուտները՝ Ազրպէյճանի՛ն, իսկ եկամուտներու երկրորդական հոսքը՝ Մոսկուայի՛ն՝ Ալիևի ռազմանիւթային գնումներու խողովակով…
Չմոռնանք, որ երբ Բաքու Կասպեան քարիւղի մեծ գործարքին ձեռնարկեց Արևմտեան ընկերութիւնները ներգրաւելով իր քարիւղի քաղաքականութեան մէջ, բաւական մեծ անհանգստութիւն ստեղծեց Մոսկուայի մէջ և ինկաւ լուրջ ճնշման տակ, որուն որպէս հետևանք Բաքու և իր Արևմտեան գործընկերները ստիպուեցան Մոսկուային զիջիլ գործարքին առաջին պլոքը (Early Oil) և առաջին նաւթամուղը ուղղել դէպի Նովոռոսիյսկ։ Ազրպէյճանի այս քայլը սկզբնական երաշխիք մըն էր տրուած Մոսկուային՝ հնարաւոր դարձնելու համար մեծ գործարքին անխոչընդոտ իրագործումը։ Եւ սակայն այն ինչ, որ տրուեցաւ Մոսկուայի շատ ջնջին պատառ մըն էր բաղդատած գործարքի մնացեալ մասին։ Բաքուի յաջորդ քայլը՝ Ազրպէյճանի ռազմական գնումները ուղղելու դէպի Ռուսաստան՝ պիտի հայթայթէր հաւասարակշռութեան բանալին…Ասիկա նաև այն շրջանն էր, երբ իշխանութիւնը Հայտար Ալիևի մահուամբ կ՚անցնէր Իլհամ Ալիևին։
Մոսկուա Իլհամի մէջ պիտի գտնէր «վստահելի» գործընկեր մը, որ ի վիճակի էր Արևմուտքի հետ Բաքուի յարաբերութիւնները մեծ արդիւնաւէտութեամբ կառավարելու միաժամանակ մնալով հաւատարիմ՝ Մոսկուայի։ Ու նաև մեծապէս գիտա՛կ՝ նախկին խորհրդային միջ-պետական յարաբերութիւններու ոճին…Ալիև զաւակն էր հօր մը, որ մօտէն առընչուած էր խորհրդային ՔԿՊ-ի վերնախաւին, որ նաև Փութինի կենսաշխարհն էր։ Այս առումով, երիտասարդ Ալիև իր հօր գծով բնականօրէն կը պատկանէր ՔԿՊ-ի ներքին «ընտանիք»ին։ Ան մէկն էր, որուն հետ կարելի էր «գործ տեսնել»։ Ան փաստած էր նաև, որ ունէր մեծ առաւելութիւնը Ազրպէյճանի միահեծան տէրը ըլլալու։ Բոլորովին ազա՛տ ՝ «ժողովրդավարական բարդութիւն»ներէ։
Ես համոզուած եմ նաև, որ Մոսկուա Իլհամ Ալիևի մէջ կը տեսնէր կարևոր գործօն մը Թուրքիոյ հետ Ռուսաստանի կնճռոտ յարաբերութիւնները կառավարելու գործին համար։
Իսկ Ալիև Փութինի և իր վարչակազմին մէջ կը տեսնէր մեծապէս նպատակայարմար ուժ մը, որուն հետ կարելի էր ճամբայ կտրել առանց բռնուելու օրինական բարդութիւններու մէջ և առանց նշաւակ դառնալու , օրինակ, Արևմուտքի հրապարակայնութեան։ Ալիև կարիքը ունէր իր դիմաց ունենալու վստահելի տուրևառ մը (dealmaker)։ Ինք գիտէր, թէ Փութին ճիշտ անձն էր այդ գործին համար և Արևմուտքի ղեկավարներէն ոչ ոք կրնար հայթայթել այս նոյն առաւելութիւնը։ Ո՛չ իսկ՝ Թրամփը։
Ալիև նաև գիտէր, թէ իր գնումներով պիտի կարենար ստեղծել ֆինանսական շահագրգռութիւններու հզօր խայծ մը Մոսկուայի establishment-ի մեծ «խաղացող»ներէն ամէն մէկուն համար։ Փաստօրէն իր հսկայածաւալ գնումները ֆինանսապէս պարենաւորեցին ռուսական ռազմանիւթի ճարտարարուեստը մինչև այսօր և անձնական հսկայ համբաւ մը և տեսողականութիւն (visibility) մը կառուցեցին իրեն համար այդ առանձնաշնորհեալ ոլորտին մէջ։ Մեծ և առանձնաշնորհեալ ընդունելութի՛ւն մը՝ Մոսկուայի մեծերու սեմէն ներս։
Ասկէ պէտք է հետևցնել, որ ազերի նաւթային հարստութեան այս լայնածաւալ և մշտական հոսքը դէպի ռուս ռազմարդիւնաբերական գործադաշտ, բազմաթիւ բարդ օֆշորային ներքնուղիներով, պէտք է հասած ըլլայ նաև Մոսկուայի establishment-ի տէրերու անձնական շահերու ոլորտին։ Այս առումով, Մոսկուայի establishment-ը հետզհետէ դարձաւ Ազրպէյճանի նաւթային գործարքին անուղղակի գործընկերը։ Ճակատագրական շրջադա՛րձ մը՝ Մոսկուայի դիւանագիտական ռազմաբեմին վրայ հայ-ազրպէյճանական մրցապայքարի ոլորտին մէջ։
Յայտնի իրողութիւն է նաև, որ Ալիև և Բաքուի շահատիրական վերնախաւը (Մոսկուայի մէջ վաղուց ամրացած ազերի շահատէրերու գործակցութեամբ և յատկապէս հրեա՛յ ազերիներու) արդէն վաղուց համատեղ գործակցութեան մէջ է Փութինի establishment-ի ջոջերուն հետ զանազան mega-ծրագրերու ոլորտին մէջ։
Հետևաբար դժուար չէ պատկերացնել, որ յարաբերութիւններու այս բարդ հիւսուածքը ինչպիսի մեծ առաւելութիւն մը կ՚ապահովէ Ալիևին Ռուսական Դաշնութեան մայրաքաղաքին մէջ։ Ընդունուած բան է նաև, որ երբ այսքան մեծ գումարներ ձեռք կը փոխեն ռուսական բեմահարթակին վրայ, տեղի կ՚ունենայ «աւար»ի բաշխում ղեկավար անձանց օֆշորային հաշիւներուն միջև և նորանոր կապեր և փոխադարձ պարտաւորութիւններ կ՚ըստեղծուին…ICIJ-ի ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ Մոսկուայի այս մանրաշխարհը կը գործէ Փութինի վերահսկողութեան տակ (ընդհանրապէս միջնորդաւորուած առէջներով)։ Ասիկա գործընթաց մըն է, որ այդ աշխարհին մէջ մաս կը կազմէ որևէ mega-ծրագրի ընդհանուր «փաթեթաւորման» (packaging) ապահովելով ծրագրի իրագործման հեզասահ ընթացքը։
Հարց տալ, թէ ի՞նչ անուն պէտք է տալ նմանօրինակ փոխադարձութիւններու… ըստ իս ժամավաճառութիւն է։ Մոսկուայի բեմահարթակին վրայ և այլուր (ներառեա՛լ՝ Արևմուտքի), նման համաձայնութիւնները կը ձևակերպուին օրինական գործողութիւններու այնպիսի շղթայաւորումներով, որ անոնք այլևս կը դադրին օրինախախտում նկատուելէ և կը վերածուին քաղաքականութեան։
Ես համոզուած եմ, որ հիմնուած ֆինանսական իր գերազանց ուժին վրայ և Փութինի հետ անձնական շահակցական յարաբերութիւններուն, Ալիև պահանջեց և ստացաւ Մոսկուայէն վերջին պատերազմի իր յաղթանակը։ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԿԸ ԿԱՅԱՆԱՐ ԱՅՆ ԲԱՆԻՆ ՄԷՋ, ՈՐ ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ – ԸՍՏ ՄԵՐ ՎԱՐԿԱԾԻՆ — ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՐ ՉՄԻՋԱՄՏԵԼ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՍԸ ՕՐԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ, Ի ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆՑԵԱԼԻ ԻՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ…Ալիև կրցաւ համոզել Փութինը, որ Ազրպէյճանի յաղթանակէն քաղաքականապէս (և ֆինանսապէ՛ս…) ուղիղ նպաստաւորուողը ըլլալու էր Ռուսաստա՛նը՝ Ազրպէյճանի կողքին։ Նաև անհաւանական չէ, որ իր պահանջը շատ արագօրէն գրաւիչ դարձնելու համար Ալիև ֆինանսական մեծ հատուցում մըն ալ ըրած ըլլայ իր գործընկերոջ արտա-գործարքային որևէ խողովակով …Այս առումով, Ալիև էապէս «գնեց» Արցախը և Նոյեմբեր 9-ի և Յունուար 11-ի մեր պարտութեան համաձայնագրերը և բոլոր միւս զիջումները Մոսկուայի տէրերէն իր գերազանց ռազմոյժը պատերազմի դաշտին վրայ գործածելէ առաջ։ Բնական է, որ այս վարկածը ապացուցող որևէ փաստ առայժմ գոյութիւն չունի և չի կրնար գոյութիւն ունենալ։ Այս գործերը կը յաջողին, քանի որ անոնք տեղի կ՚ունենան անթափանցելի քուլիսներու ետին։ Բայց անոնք տեղի կ՚ունենա՛ն։ Այսպէս կը գործէ իրական աշխարհը։
Պէտք չէ վրիպի ոևէ վերլուծողի ուշադրութենէն, որ Մոսկուայի կրաւորականութիւնը պատերազմի թէժ փուլերուն մէջ երբեք «չզարմացուց» Ալիևը…Կը թուի, թէ ան գիտէր, թէ ի՞նչ կը պատահէր, իսկ հայկական կողմը բացարձակապէս կ՚անգիտանար։ Հայկական կողմը զարմացած էր և յայտնօրէն անիրազեկ։ Անցնող բազմաթիւ տարիներու ընթացքին, ՀՀ իշխանութիւնները բազմիցս յիշեցուցին Նախ. Փութինին, որ մեծ անհաւասարութիւն մը սկսեր էր գոյանալ Ազրպէյճանի և Հայաստանի միջև ռազմական կարողականութիւններու մարզին մէջ շնորհիւ Ալիևին տրուած Մոսկուայի ռազմանիւթային գերակշիռ հայթայթումներուն…Կը թուի, թէ Մոսկուա միշտ ալ կը հաւաստիացնէր հայկական կողմը, որ ազրպէյճանական նախայարձակումի մը պարագային Մոսկուա պատրաստ էր միջամտելու և վտանգը սահմանափակելու…Առաջին անգամ ըլլալով, Մոսկուա զլացաւ իր միջամտութիւնը ամբողջ 44 օր՝ թոյլ տալով, որ ազրպէյճանական ԱԹՍ-ները մահ սփռեն Ստեփանակերտի մէջ և այլուր։
Դժբախտաբար պատերազմի աւարտէն ահաւասիկ տարի մը ետք, հանրութիւնը կը շարունակէ մութի մէջ ըլլալ։ Փաշինեանի վարչակարգը – թէ՛ գործադիր և թէ՛ օրէնսդիր մակարդակներով – ցարդ չէ բացած հանրութեան առջև պատերազմի առարկայական փաստերը։ Չկայ որևէ քննիչ յանձանաժողով։ Չկայ որևէ հանգամանաւոր զեկուցագիր։ Հետևաբար ՀՀ քաղաքական ուժերը ներկայիս զրկուած են երկրի վաղուան գործը ծրագրելու անհրաժեշտ տուեալներէն և ռազմավարական տեղեկոյթի առումով՝ կը գտնուին աննախանձելի դրութեան մէջ։
Վերադառնալով Մոսկուա-Բաքու յարաբերութիւններու ոլորտին, հարց պէտք է տալ, թէ այս երկ-կողմանի սակարկութեան մէջ ո՞ւր կը մնան Ռուսաստանի հեռահաս շահերը։ Հայկական կողմը վաղուց համոզուած էր, որ Ռուսաստանի հեռահաս շահերը կը պահանջէին Մոսկուայի անվերապահ աջակցութիւնը յօգուտ Հայաստանի և Արցախի անվտանգութեան…Ի՞նչ պատահեցաւ։ Մի՞թէ Փութին առաջնորդուեցաւ իր անձնական շահերով միայն և արհամարհեց Ռուսաստանի գերագոյն շահերը։ Իմ կարծիքով, բացարձակապէս՝ ո՛չ։
Ըստ առաջարկուած վարկածին, յաղթանակը Ալիևին «նուիրելով» ՝ Փութին կ՚առաջնորդուէր ոչ միայն իր անձնական շահերով, այլև միաժամանակ կը հետապնդէր Ալիևը իր մականին տակ առնելու զուգահեռ քաղաքականութիւն։ Զայն Թուրքիոյ հպատակութենէն «ազատելու» քաղաքականութի՛ւն։ Թուրքիան հակակշռելո՛ւ քաղաքականութիւն։ Փանթուրքիզմը ներսէ՛ն գրաւելու քաղաքականութիւն։ Եւ վերջապէս Հարաւային Կովկասի վրայ իր միահեծան իշխանութիւնը վերահաստատելու քաղաքականութիւն։ Այս բոլորին մասին, ես լայնօրէն խօսած եմ բազմաթիւ յօդուածներով, որոնցմէ յատկապէս երեքը կ՚ուզեմ յիշել այստեղ՝ «Փանթուրքիզմի Գրաւը և Արցախի Հարցը» (Փետրուար 11, 2015), «Հիւսիս-Հարաւ Առանցքը Անդամալուծուած» (Հոկտեմբեր 25, 2020), «Հայաստանը Կովկասեան Տարածաշրջանի Նորօրեայ Ջրապտոյտին Մէջ» (Նոյեմբեր 22, 2020)։
Կ՚ուզեմ վերստին յիշեցնել, որ հակառակ Ալիևի և Էրտողանի ցուցամոլ յայտարարութիւններուն՝ Նոյեմբեր 9, 2020 թուակիր եռակողմանի յայտարարութիւն-համաձայնագիրը զուտ ռուսական փաստաթուղթ մըն է, որ տակաւին լինելութեան մէջ է։ Ան նորանոր ձևափոխումներու և ընդլայնումներու պիտի ենթարկուի իրերու յետպատերազմեան հոլովոյթին մէջ՝ ամէն քայլափոխին բացայայտելով Մոսկուայի ռազմավարութեան նորանոր ծալքերը։ Եւ դեռ սկիզբն ենք երկանց։ Հաւանականութիւնը մեծ է, որ աշխատանքի այս փուլին մէջ Փութին մարտավարական նոր առաւելութիւններ «շնորհէ» Ազրպէյճանի (անշուշտ միշտ Հայաստանի գրպանէն) իր դիրքերու նոր ամրակայումները ապահովելու համար։ Եւ բնական է, որ այս փուլին մէջ Փութին ուզէ տկար և կամակատար իշխանութիւն մը ունենալ Հայաստանի գործադիր և օրէնսդիր իշխանութեանց ղեկին, որպէսզի հեշտօրէն հետապնդէ իր կովկասեան ռազմավարութիւնը։
Այսօր սեղանի վրայ է «միջանցք»ներու (կոմունիկացիաներ) հարցը։ Սեղանի վրայ է Հայաստանի սահմանագծերու հարցը Ազրպէյճանի հետ։ Սեղանի վրայ է Արցախի կարգավիճակի հարցը։ Սեղանի վրայ է կովկասեան տարածաշրջանէն ներս Արևմուտքի դերակատարութեան հարցը (ներառեալ՝ Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան հարցը)։ Եւ սեղանի վրայ է Իրանի կայունութեան հարցը Արևմուտքի և Ռուսաստանի միջև։ Հայաստանը կը գտնուի այս բոլոր առճակատումներու կիզակէտին վրայ և մեծ է վտանգը, որ ան պարտուած և քայքայուած դուրս գայ այս բոլորէն, եթէ շարունակէ մնալ պատանդ՝ Փաշինեանի իշխանութեան։ Եւ, անշուշտ, Փաշինեանը՝ ի՛նք շարունակէ պատանդուած մնալ արտաքին ուժերուն սկսելով Մոսկուայէն։
Հայաստանի լինելիութեան խնդիրը այսօր լայն չափերով կախուած է Մոսկուայի մէջ և Մոսկուայի նկատմամբ գործօն լծակներ ունենալու մեր կարողութենէն։ Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ Մոսկուայի խաղաբեմին վրայ լծակային ուժերու առճակատումն է։ Անշուշտ պէտք չէ անտեսել Արևմուտքը և Չինաստանը։ Բայց կարևոր է, որ չտարուինք պատրանքներով։ Բանալին Մոսկուան է։ Մենք հոն է, որ կը հանդիպինք Ալիևին և այս խաղին բոլոր կարևոր արարները հոն է, որ կը խաղացուին։
Հարց պէտք է տալ, թէ արդեօ՞ք այդ բեմը բաց է այսօր հայկական կողմին առջև։ Պարզ խօսքով, Հայաստան այսօր ունի՞ կարելիութիւնը տիրական ձայնով խօսելու Մոսկուայի ժողովասեղաններուն վրայ։ Այս հարցումին պատասխանը հայ անկախ պետականութեան առաջնորդներն են, որ պիտի տան։ Եւ հոս իսկ է հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան բանալին։ Մեր ժողովուրդը իր քուէն տալով որևէ իշխանութեան այս հարցումին է, որ կը պատասխանէ։ Որմէ նաև կը հետևի, որ ինքնիր ապագան անկեղծօրէն և քաջօրէն կերտելու ձգտող ՀՀ քաղաքացին է միայն, որ կրնայ տալ այդ հարցումին ճշգրիտ պատասխանը։ Պարտութեան վարչակարգը վերարտադրող քաղաքացին ի վիճակի չէ ոստիւն կատարելու ոչ իր հաշւոյն և ոչ ալ ազգին և պետութեան հաշւոյն։
Ոչ ոք մեզի զլացաւ համաշխարհային քաղաքականութեան բեմը։ Ոչ ոք փակեց Մոսկուայի դռները մեր առջև։ Ոչ ոք փակեց աշխարհակարգի՛ դռները մեր առջև։ Բոլոր այդ դռները կը բացուին մեր քաղաքական ձեռնհասութեամբ և մեր ամուր ողնայարով։ Ի վերջոյ մենք ենք հայ անկախ պետականութեան ճակատագիրը տնօրինողը։ Մենք ենք ռազմավարութիւն ձևաւորողը։ Մենք ենք դռները բացողը։ Եւ մենք ենք տէրը մեր վաղուան յաղթանակին։ Բայց նախ և առաջ մեր պետականութեան ղեկը ձեռք պէտք է առնեն այն ուժերը, որոնք եկած են յաղթելու։ Չեն եկած թշնամիին առջևէն փախչելու…ո՛վ ալ որ ըլլայ այդ թշնամին։
Պատերազմի դառն իրականութիւնը ցոյց տուաւ, որ մեր երկիրը պէտք ունի իր գոյութեան նոր յարացոյցը (paradigm) ձևաւորելու։ Փաստօրէն Հայաստան իր տեղը կորսնցուցած է Մոսկուայի մէջ և ընդհանրապէս՝ միջազգային դիւանագիտութեան, քանի որ մենք կը շարունակենք գործել թշնամիի յարացոյցով։ Եկած է վայրկեանը, որ երկրի նոր վերելքին պատմական պատասխանատւութիւնը ունեցող ուժերը համարձակօրէն ձեռք առնեն մեր անկախ պետականութեան լինելիութեան բանալին և վերջ տան ձգձգումի գործընթացներուն։ Եւ մեր ժողովուրդը ոգի ի բռին տէր կանգնի իր ճակատագրին։