ԱԳՑԱՆԻ ՄԷՋ

ԱԳՑԱՆԻ ՄԷՋ

Կարօ Արմենեան

Սկսինք այն բանէն, որ Արևմուտքը այսօր բացարձակապէս տրամադիր չէ միջամուխ ըլլալու և իրավիճակային փոփոխութեան որևէ նախաձեռնութիւն գլխաւորելու հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան հանգուցալուծման մարզին մէջ։ Այս առումով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան բանակցային գործընթացը ԻՐԱԿԱՆ ՀՈՂԻ ՎՐԱՅ մեռեալ պէտք է համարել։ Եւ այս կապակցութեամբ, ներկայիս կրկնուող յոյսի հռետորաբանութիւնը որևէ վստահելի հիմնաւորում չունի։

Արևմուտքը այդ գործընթացը շնականօրէն «նուիրած» է Մոսկուային։ Ան առայժմ «զօրավիգ» պիտի կանգնի Մոսկուայի «խաղաղեցման» նախաձեռնութիւններուն թոյլ տալով, որ փանթուրքիզմը — Հայաստանի գործնական լուծարումով — արմատանայ Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտիին մէջ։ Իսկ յետագայի՞ն…այդ մէկը արդէն նոր խաղադաշտ է ըլլալու Արևմուտքի և յատկապէս ԱՄՆ-ի համար, որմէ ներս Արևմուտքը կը յուսայ գործել տիրական խաղաքարտերով յուսալով փանթուրքիզմը գործածել որպէս հուժկու զէնք Ռուսաստանի և Չինաստանի դէմ։

Խօսելով Մոսկուայի ներկայ իրականութեան մասին, առանց այլևայլի պէտք է կանգ առնել այն հաւանական գործօնին վրայ, որ Մոսկուայի տէրերը այսօր կաշառուած են Ալիևի և Ալիևի ետին գտնուող համաշխարհային ցանցի շահերուն կողմէ։ Միաժամանակ Փութին կը յուսար այնուամենայնիւ խաղալ ուժային հզօր խաղ մը Կովկասի մէջ։ Այսինքն՝ Ալիևը «կշտացնելով» Հայաստանի և Արցախի հաշւոյն և գործածելով մեծապետական իր զէնքերը Ազրպէյճանը բաժնել Թուրքիայէն և զայն առնել իր մականին տակ։ Փայփայելով այն հեռակայ հաշիւը ՝ որ ինք կրնայ մեքենայել (manipulate) ուժերու դասաւորումը տարածաշրջանին մէջ և իր թաթին տակ առնել Սիւնիքի միջանցքը և ի՛նք ըլլալ խաղականոնը հաստատողը…Եւ այս բեմախաղը յաջողեցնել կրկին Հայաստանի և Արցախի «գրպանէն»։

Հարց պէտք է տալ, թէ արդեօ՞ք Փութին ի վիճակի է այսօր այս բարդ խաղը յաջողութեամբ գլուխ հանելու։ Այս հարցումին պատասխանը տալու օրը այսօր չէ, որքան ալ ճակատագրական բնոյթ ունենայ ան Հայաստանի և Արցախի համար։ Անյայտները բազմաթիւ են և մեծապէս անգուշակելի։

Այսօրուան ճնշիչ իրականութիւնը այն է, որ Հայաստան կը գտնուի լայնօրէն պատանդուած կացութեան մէջ Մոսկուայի նկատմամբ։ Ան զուրկ է լծակային խաղաքարտերէ։ Պարտութեան վարչակարգի ձախաւեր քաղաքականութիւնը աւելի ևս դժուարացուցած է գործընկերային յարաբերութիւնը Մոսկուայի տէրերուն հետ։ Փութին և Ալիև կը գտնուին գործընկերային յարաբերութեան մէջ։ Մինչդեռ Փութին կը վերաբերուի Հայաստանի իր պաշտօնակցին հետ հրահանգողի դիրքերէն չըսելու համար ճորտատիրոջ։

Հայաստան և Արցախ, ըստ էութեան, կենսական խարիսխներ են Ռուսաստանի համար։ Ոչ ոք կ՚ուրանայ այս փաստը։ Եթէ Մոսկուա առաջնորդուի Ռուսաստանի աշխարհաքաղաքական առաջնահերթութիւններով միայն, հայկական կողմը ապահով զգալու իրական հաւաստիքներ ունի։ Բայց Ալիև կրցած է քանդել այս հաւասարութիւնը։ Ինք կրցած է հակասող առաջնահերթութիւններ ստեղծել Մոսկուայի մէջ։ Մոսկուայի տէրերու որոշողական գործընթացը մատնել երկուութեան։ Հեռահաս հաշիւները խանգարել մերձահաս փորձութիւններով։ Ալիև կրցած է ազրպէյճանական քարիւղը ծառայեցնել Ազրպէյճանի կայացման։ Անոր անկախ պետականութեան ամրապնդման։ Եւ ատով իսկ՝ ամրապնդել Ալիևներու հարստութեան (dynasty) մշտնջենաւորումը։ Կարևոր չէ, թէ այս հրաշալի մեղրամիսը որքան երկար կը տևէ։ Կարևորը այն է իրեն համար, որ այսօր Հայաստան փուլ կու գայ որպէս անկախ պետականութիւն և փանթուրքիզմի կայսերական լաւան կը յառաջանայ դէպի Կովկաս, դէպի Կեդրոնական Ասիա, դէպի Ռուսաստանի սիրտը։ Եւ այս բոլորը — տարօրինակ պատմական խօլակարծութեամբ (paradox) մը — տեղի կ՚ունենայ Մոսկուայի պատեհապաշտ տէրերու օգնութեամբն իսկ։ Վաղուան պատմութիւնը կրնայ Ալիևին շնորհել Արևելքի Քեմալը եղած ըլլալու մրցանակը։ Եւ անշուշտ նորէն ի հեճուկս հայ անկախ պետականութեան։

Ելք կա՞յ միթէ մեզի համար այս դաժան ճանկըլին (jungle) մէջ։ Իմ կարծիքով, այո՛։ Հայաստան և Արցախ անզէն չեն այս կացութեան առջև։ Հայկական զօրաշարժը կրնայ շատ բան փոխել կացութեան մէջ, եթէ այդ զօրաշարժը իրականութիւն դառնայ։ Բանալի նշանակութիւն ունի այս եթէն։ Որ նաև կը նշանակէ, որ ան կրնայ չիրագործուիլ…Յամենայն դէպս այդ զօրաշարժը պէտք է ըլլայ բազմակողմանի և բազմաշերտ և անմիջապէս ուղղուի արագ իշխանափոխութիւն յառաջացնելու նպատակին։ Ինծի կը թուի, թէ Փաշինեան՝ ի՛նք լուրջ պատճառ ունի այսօր իսկ հրաժարական ներկայացնելու, որպէսզի կարողանայ մաս կազմած ըլլալ ազգային փրկութեան գործընթացին։ Այդ զօրաշարժը պէտք է մանաւանդ թիրախաւորէ թշնամին։ Դիմադրական հուժկու շարժումը պէտք է հասնի թշնամիի (և բարեկամի՛) աքիլլէսեան կրունկներուն։ Պարզ խօսքով, Հայաստանը վերստին պէտք է համարձակօրէն մտնէ տարածաշրջանի ուժային յարաբերութիւններու քարտէզէն ներս գործածելով բոլոր իր կարողականութիւնները անխտիր։ Ասիկա բոլորովին այլ տիեզերք մըն է և քաղաքական կամքի այլ մակարդակ մը, որմո՛վ միայն կարելի է շրջել պատմութեան անիւը և ճամբայ հանել նոր և իրական վերելքը մեր կեանքին մէջ։

Share