ՀԱՅ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳԾԻ ԽՆԴԻՐԸ ԾՈՒՌ ՀԱՅԵԼԻԻ ՄԷՋ

ՀԱՅ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳԾԻ ԽՆԴԻՐԸ ԾՈՒՌ ՀԱՅԵԼԻԻ ՄԷՋ

Կարօ Արմենեան

Վարչապետական կայքէն, ուշադիր հետևեցայ Վարչապետ Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսին, որ կ՚ընդգրկէր հարցերու լայն շրջանակ մը ի նախապատրաստութիւն Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Փաշինեան-Ալիև հանդիպման և անոր յաջորդելիք Սոչիի եռակողմանի գագաթաժողովին՝ Փութինի, Ալիևի և Փաշինեանի միջև։

Յայտնեմ անմիջապէս, որ Պր. Վարչապետի թէզերը, կապուած՝ հայ-ազրպէյճանական սահմանագծի ճշտման խնդրին, լուրջ հարցականներու ծնունդ կու տան և պարտադիր կը դարձնեն ՀՀ հանրութեան աչալուրջ հսկողութիւնը վերոյիշեալ միջ-պետական բանակցային գործընթացներու հոլովոյթին։ Պր. Վարչապետն ու իր պարտութեան վարչակարգը կը պատրաստուին միջ-պետական խորքային յանձնառութիւններու առանց հանրային բաւարարող բանավէճի մը բովէն անցուցած ըլլալու սահմանագծի հիմնահարցը։

Վարչապետը կը շարունակէ պնդել, թէ Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան օրինական սահմանագիծը խորհրդային ներքին սահմաններն են։ Միաժամանակ ան կը խօսի Ազրպէյճանի նախայարձակման (aggression, ագրեսիա) փաստին մասին և չի տեսներ սերտ կապը այս վերջինին և նախկին խորհրդային ներքին սահմաններու անհեթեթութեան միջև։

Նախ չմոռնանք յիշել մէկ շատ կարևոր հանգամանք։ Հայաստան և Ազրպէյճան ընտրեցին անկախութեան ուղին հետևելով իրարմէ բոլորովին տարբեր օրինական ռեժիմներու։ Հայաստան իր անկախութեան իրաւակարգը հաստատեց յարգելով Խորհրդային Սահմանադրութեան տառն ու ոգին։ Մինչդեռ Ազրպէյճան ընտրեց անմիջական խզման (secession) ճանապարհը ի յառաջագունէ ինքզինք ազատ կացուցելով Խորհրդային Միութեան օրինակարգէն։ Բայց նաև ներառեա՛լ՝ խորհրդային ներքին սահմաններու վաւերականութենէն։ Այս լոյսի տակ, յստակ է, թէ ինչո՞ւ Ազրպէյճան առաջին իսկ օրէն ինքզինք դրաւ Հայաստանի հետ պատերազմական յարաբերութիւններու ընթացքին մէջ։ Առաջին իսկ օրէն, ան դիմեց շարունակական սահմանային ոտնձգութիւններու թէ՛ Արցախի և թէ՛ Հայաստանի նկատմամբ։ Հայաստան և Արցախ երբեք առիթը չունեցան բարիդրացիական սահմանային ռեժիմ հաստատելու Ազրպէյճանի հետ։ Անոնք ստիպուեցան հսկայ զոհողութիւններու գնով պաշտպանական մեծ համակարգ ստեղծելու զրկելով իրենց ժողովուրդը կենսական կարիքներու գոհացումէն։ Ո՞ւր էին Պր. Փաշինեանի անգտանելի խորհրդային ներքին սահմանները, երբ մեր ժողովուրդը կը կռուէր իր երկիրը պաշտպանելու ազրպէյճանական ներխուժումներու դէմ թէ՛ Արզախի և թէ՛ Հայաստանի սահմանային ճակատներուն վրայ։ Խորհրդային ներքին սահմանները առաջին իսկ օրէն մնացին մեռեալ տառ և ուրիշ ոչինչ։

Փաստը այն է, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծը ԵՐԲԵՔ չէ հիմնուած խորհրդային ներքին սահմաններու սկզբունքին վրայ։ Ազրպէյճան ԵՐԲԵՔ չէ ընդունած նման մէկ սահմանագիծ։ Ազրպէյճան ամէն ինչ ըրած է ժխտելու այդ սահմանները Հայաստանի և Արցախի նկատմամբ։ Ընդհակառակն հայկական ուժերը ի գին ծով արեան իրենց մագիլներով յաջողած են գծել մէկ ուրիշ սահման, որ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ կենսական սահմանագիծն է, որ ապահոված է Արցախի և Հայաստանի զոյգ պետականութիւնները թշնամիին դէմ։ Եւ այդ սահմանագիծն է, որ մտած է միջազգային իրաւունքի ոլորտէն ներս զինադադարի այն համաձայնագրերով, որոնց վրայ կը գտնուի նաև Ռուսաստանի Դաշնութեան պաշտօնական ստորագրութիւնը։

ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ՍԱՀՄԱՆԱԳԻԾՆ Է, ՈՐ ԵՂԱԾ Է ԻՐԱԿԱՆ ԵՒ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԻՄ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ։ ԵՒ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ՍԱՀՄԱՆԱԳԾԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴԳՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԻՐ ՆԱԽԱՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՎ, ԱՐՑԱԽԸ ԻՐ ՆԱԽԱՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՎ ԵՒ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐԸ։ ԱՅՍ Է ԻՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ։ ԵՒ ԱՅՍ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԵՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿԱՊԱՇՏ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ Ի ՊԱՏԱՍԽԱՆ։ ՊՐ. ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ Չ՚ԸՆԵՐ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՄԷՆ ՔԱՅԼԱՓՈԽԻՆ ՄԵՂԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԹՈՅՆԸ ՆԵՐԱՐԿԵԼՈՎ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄԱՄԲ։ ԱՅԴ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՐԻՒՆ ԹԱՓԵՑ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ։

Ճիշտ է, յետագային ՀՀ իշխանութիւնները – ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան գլխաւորած բանակցութիւններու բովին մէջ — պատրաստակամութիւն յայտնեցին ազատագրուած տարածքները զիջելու Ազրպէյճանին ապահովելու համար շարք մը յանձնառութիւններ, որոնք հետևողականօրէն մերժուեցան Ալիևի կողմէ, որմով նաև նմանօրինակ առաջարկը մնաց թուղթի վրայ և գործնականօրէն դադրեցաւ ի զօրու ըլլալէ հակառակ Մատրիտեան փաթեթներու իրերայաջորդ տարբերակներուն, որոնք ևս մեռեալ տառ են այսօր։ Երբ Փաշինեան կը պնդէ խորհրդային սահմաններու վաւերականութեան վրայ, ան ինքնաբերաբար Հայաստանը կը դնէ նախայարձակի (aggressor, ագրեսոր) դիրքին մէջ և թշնամին՝ «հայրենիք ազատագրող»ի՛։ Եւ ի յառաջագունէ կը կորսնցնէ ՀՀ դատը թշնամիին դէմ։

Երբ Փաշինեան կը պնդէ խորհրդային սահմաններու վաւերականութեան վրայ, ան ինքնաբերաբար կը թաղէ Արցախի ինքնրոշման դատը թշնամիին դէմ։ Երբ Փաշինեան կը պնդէ խորհրդային սահմաններու վաւերականութեան վրայ, ան ինքնաբերաբար կ՚ոչնչացնէ մեր դատը միջազգային բոլոր այն չքնաղ «հարթակ»ներուն առջև, որոնց յղում կատարելէ մեծ հաճոյք կը թուի առնել ան իր վերջին ելոյթներուն մէջ։ Այլ հարց՝ թէ առհասարակ այդ «հարթակ»ներէն որևէ դրական արդիւնք ակնկալելը պարտութեան վարչակարգի մը կողմէ ցոյց կու տայ Պր. Վարչապետի արտաքին քաղաքականութեան ամբողջական սնանկութիւնը։

Կը գտնուինք ծանրակշիռ իրականութեան մը առջև, զոր յաղթահարելու համար Հայաստանը պէտք է ունենայ համապարփակ ռազմավարութիւն հիմնուած իրական գործօններու ուժականութեան վրայ։ Պիտի ունենայ ոգեզինուած քաղաքացիական հասարակութիւն։ Պիտի ունենայ ներկայ սպառնալիքներու մակարդակով գործող ատակ ղեկավարութիւն։ Մոգութեամբ և հանրութիւնը ապակողմնորոշելով կարելի չէ երկիրը դուրս բերել ներկայ քաղաքական ճահիճէն։

Նոյեմբեր 24, 2021

Share