Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի պատուիրակութիւն մը կը մասնակցի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու, մարմիններու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի պատուիրակութիւն մը կը մասնակցի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու, մարմիններու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին

Read in English

Այսօր, 29 նոյեմբերին, Երեւանի մէջ ընթացք առաւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու, մարմիններու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը։

Պաշտօնական բացումէն ետք, Հայ դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէ եւ գրասենեակներէ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ մարմիններէ ժամամած 50 ներկայացուցիչները կ’այցելեն Եռաբլուր պանթէոն։

Խորհրդաժողովը իր աշխատանքները կը շարունակէ Գորիսի ապա Արցախի Հանրապետութեան մէջ։

ՀՅԴ Ամերիկայի եւ Արեւելեան ԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախմբերու կողքին` Խորհրդաժողովին կը մասնակցի ՀՅԴ Արևմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Պատուիրակութիւնը` Կայծակ Շահբազեան, ԱՆի Մամիկոնեան-Զարպաս, Յովիկ Սալիպա, Անդրանիկ Չարչաֆճեան, եւ Արմիկ Աւետիսեան:

Share

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *