Առցանց՝
Հայկական Միասնականութեան Պահանջքը Այսօրուան Քաղաքական Իրականութեան Ներքեւ, Մասնակցութեամբ՝ Վաչէ Բրուտեանի– Քաղաքական Վերլուծաբան եւ Նախկին Խմբագիր:
Քրեսենթա Հովիտի Մհեր Եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեան Երիտասարդական Կեդրոնի Դաստիարակչական Յանձնախումբը Երէքշաբթի, 18 Յունուար 2022-ին, երեկոյան ժամը 7:30-ին, կազմակերպած է տարեշրջանիս առաջին դասախօսութիւնը՝ «Հայկական Միասնականութեան Պահանջքը Այսօրուան Քաղաքական Իրականութեան Ներքեւ», մասնակցութեամբ՝ Վաչէ Բրուտեանի –Քաղաքական Վեր լուծաբան եւ Խմբագիր:
Վաչէ Բրուտեան պիտի անդրադառնայ Ազգային Միասնականութեան նիւթի մասին, նկատի ունենալով մասնաւորապէս հետեւեալ հարցերը՝
Ի՞նչ է իսկական իմաստը Ազգային Միասնականութեան:
Ի՞նչ են ազգային միասնականութեան նպատակները:
Կարելի՞ է ստեղծել ազգային միասնականութիւն այս օրերուն:
Ի՞նչ են անոր դէմ ցցուած խոչընդոտները:
Ի՞նչ տառական փոփոխութիւններ են պէտք վերափոխելու համար ներկայ ընթացքը:
Վերեւի ու յաւելեալ հարցումներու պատասխանները կ’ստանաք մասնակցե լով Յունուար 18-ին կայանալիք Zoom-ի հանդիպմամբ:
https://zoom.us/j/92175999519?pwd=NVU0bDQ2SUhXa3laei92RFBmV1k2QT09
Date: Tuesday, 01/18/2022
Meeting ID: 921 7599 9519
Passcode: 072164
Ձեր մասնակցութիւնը հնարաւոր է նաեւ բերել Facebook-ի միչոցով՝ Crescenta Valley Mher & Satig Der Ohanessian Youth Center