ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Բագրատունեանց թագաւորութեան (1045) եւ Կիլիկեան իշխանութեան (1375) անկումէն ետք, հայերս դարեր շարունակ պետականազուրկ ապրած ենք, ուրիշներու երկիրները եւ կամ ուրիշ պետութիւններու լուծին տակ: Այս պատճառներուն նաեւ կրնանք գումարել այն իրողութիւնը, որ Հայկական Բարձրաւանդակի տեղագրութիւնը այնպէս եղած է, որ լեռնային շղթաներով «բաժնուած» մեր պատմական իշխանութիւնները միշտ «միութեան» հարց ունեցած են իրարու հետ, եւ այս` մեր ազգային միասնականութեան հաշուոյն:
Այսօր, «պարտուած Հայաստանի իրականութեան» լոյսին տակ, շատեր յաճախ ակնարկութիւններ կը կատարեն Հայաստանի ռազմական ուժի վերակառուցման մասին, ուրիշներ կը թելադրեն «հեռու մնալ» թշնամին գրգռելէ եւ
«պատշաճ քաղաքականութիւն» կը քարոզեն:
Ահա այս պայմաններու մէջ է, որ մեզմէ շատերու ազգային բնազդն ու յիշողութիւնը յաճախ կը յիշեցնեն, որ տարածաշրջանի օրէնքները միշտ թելադրած են հզօր ազգային բանակ ունենալ (թէ՛ պատերազմի եւ թէ՛ խաղաղութեան օրերուն). հեքիա՜թ է հաւատալ, որ առանց նուազագոյն բնածին ռազմական կարողականութեան` կարելի է շարունակել մեր պետականութեան ամբողջականութեան եւ անկախութեան տէր մնալ:
Սակայն շատ մը պատճառներէ մեկնած` նոյնպէս միամտութիւն է մտածել, որ հայկական բանակի վերականգնումը կարելի է իրականացնել առանց ազգի եւ ժողովուրդի միասնականութեան:
Միասնականութեամբ է միայն, որ կարելի է 21-րդ դարու բարգաւաճ հայու վաստակը օգտագործել բազմակողմանի բարձրորակ հասարակութեան մը կերտման նպատակով: Աւելի՛ն. միայն միասնականութեամբ է, որ կարելի է «ուժասպառ, պարտուած հայրենիքը» վերականգնել:
Բայց ի՞նչ միացեալ համազգային տեսլականի մասին է խօսքը հոս. մեր աշխարհասփիւռ ազգի եւ հայրենաբնակ ժողովուրդը միաւորողը այսօր կրնայ հանդիսանալ «իսկական ժողովուրդներու ազգայնականութեան տեսլականը» (խօսքս մեր մէջ վերջին տասնամեակներուն բուսած աժան հռետորաբանութեան պահպանողական ազգայնականութեան մասին չէ):
Խօսքս պետականավայե՛լ, 1918-ականներու մայիսեան միասնականութեան մասին է, 80-ական տարիներու ազգային միաբռունցք պայքարին մասին է, խօսքս հայ հայու (եւ Հայաստանի) հանդէպ անկեղծ գուրգուրանքին մասին է, որպէսզի բոլորս անխտիր հասկնանք, խօսքս այն ուժեղ զգայութեան մասին է, որ բոլորս վկայեցինք 44-օրեայ պատերազմի թէժ օրերուն, երբ «իրար անծանօթ հազարաւոր հայեր» իրարու ձեռք երկարեցին եւ մեր հաւաքական արժէքներու համար «պանդուխտ հայեր» իրենց մատղաշ եւ կամ տարեց կեանքերը զոհաբերեցին: Հո՛ն է մեզ դարերէ հասնող եւ կապող արեան ձայնը: Նահատակ գաղափարական մարտիկ, ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի խօսքերով. «Հայկական լեռնաշխարհի անմեռ խորհո՜ւրդն է ան եւ յաւերժական մեր երթին շեփորը տիրական»:
Ուրեմն նորէն կը կրկնեմ. առանց ազգի եւ ժողովուրդի միութեանոչ միայն անիմաստ է բանակի (եւ ընդհանրապէս) վերակառուցման մասին խօսիլը, այլ
գրեթէ անկարելի: Ժամանակն է նախ վերակառուցել մեր ներազգային խօսոյթը: