8-19 փետրուարին այսպէս կոչուած «աշխատանքային այցով » Ֆրանսա կը ժամանէ Սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեան:
Այս այցելութեան ընթացքին ան նաեւ հանդիպումներ կը նախատեսէ տարբեր քաղաքներու համայնքներու հետ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ֆրանսայի ամբողջ ընտանիքը, իր Հայ Դատի, երիտասարդական միաւորներով, ուղեկից միութիւններով՝ ՀՄԸՄ, Համազգային, ՀՕՄ, ինչպէս նաեւ իրեն ենթակայ կառոյցներով՝ Մշակոյթի Տուներ, դպրոցներ, քարոզչական միջոցներ, կը մերժէ որեւէ հանդիպում ունենալ անոր հետ:
Այս պոյքոթին պատճառը յստակ է ու մեկին: Յանձնակատարը ուղղակի դրածոն է վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձին եւ կամակատարը անոր: Պատերազմի խայտառակ պարտութիւն բեմադրած, 9 նոյեմբերի դաւադիր անձնատուութիւն ստորագրած, թշնամիին հայրենի հող զիջած, թուրքին հետ առանց նախապայմանի սիրաբանութեան անցած, ազգը պառակտած, Սփիւռքի քայքայման ուղղութեամբ գործող, Հայ Դատը ուրացող անձը եւ անոր կամակատարները, որոնց շարքին Սինանեան, տեղ չունին մեր յարկին տակ, ինչպէս նաեւ չունինք փոխանակման որեւէ թեմա անոնց հետ:
Աւելին: Սինանեան իր պաշտօնին նշանակման առաջին իսկ օրէն գործեց Սփիւռքի աւանդական կառոյցները քանդելու եւ բաժնելու ուղղութեամբ, որ կը կազմէ իր իշխանութեան դաւադիր ծրագիրներէն մէկը: Յատկապէս ֆրանսահայ գաղութի պարագային, ան զօրակցեցաւ, աշխատեցաւ ու տակաւին կը շարունակէ աշխատիլ նորաբոյս, ինքնակոչ միութիւններու հետ, որոնք ոչ մէկ ներդրում ունեցած են կամ ունին համայնքէն ներս եւ կը յաւակնին վերցնել գաղութին ղեկը եւ շրջանցել աւանդական կառոյցները, որոնց տասնամեակներու վաստակը անժխտելի է: Այս գործելաոճով Սինանեան եւ իր խմբակը կը փորձեն ուղղակի իրենց իշխանութեան տակ առնել գաղութ մը, որ իր կենսափորձով, քաղաքական ու Հայ Դատի գծով արձանագրած որոշակի յաջողութիւններով կը հանդիսանայ Սփիւռքի կարեւոր օղակներէն մէկը:
Պէտք է ընդգծել նաեւ այսպէս կոչուած հայ-թրքական յարաբերութիւններու գործօնը: Սինանեան կը փորձէ ներառել ֆրանսահայ գաղութը՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու «բնականոնացման» գործընթացին մէջ, որուն տենդագին լծուած են իր իշխանութիւնները, քաջ գիտնալով անշուշտ, որ այս գաղութը չ‘ընդունիր նման ազգադաւ գործընթաց, որուն ապացոյցը իր պինդ կեցուածքով տուած է 2009-ի նմանօրինակ փորձին եւ պատրաստ է նաեւ տալու այսօր աւելի քան երբեք:
Ազգին ու Հայրենիքին չարիք հանդիսացող իշխանութեան հեռացումը կը մնայ մեր միակ պահանջը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
1 Փետրուար 2022, Փարիզ