Կարօ Արմենեան
Արդէն վաղուց եկած է ժամանակը մեր պետական երեսնամեայ փորձառութեան վիճակացոյցը մօտէն քննելու և անկեղծ ու խստապահանջ – անկեղծ ու անխնա՛յ –գնահատական տալու մեր ազգային իրականութեան։
Այս մէկը կենսական նշանակութիւն ունի այսօր, քանի որ մենք ձախողած ենք որպէս պետականութիւն։ Մենք եղած ենք անձեռնհաս՝ մեր երկրի ներքին և արտաքին սպառնալիքները դիմագրաւելու գործին մէջ։ Մենք եղած ենք անիրազեկ՝ մեզ շրջապատող թշնամիի բնոյթին, կարողականութիւններուն, իսկական դիտաւորութիւններուն և տարածաշրջանային ռազմավարութեան։ Մենք ապրած ենք բոլորովին անբաւարար տեղեկոյթով մեր «դաշնակից»ներու տարածաշրջանային ռազմավարութեան մասին։ Մենք եղած ենք ընդհանրապէս մակերեսային և տգէտ՝ աշխարհակարգի էութեան կապակցութեամբ։ Մենք չենք եղած դերակատար աշխարհակարգի մեզի բաժին ինկած ոլորտին տիրութիւն ընելու գործին մէջ։ Զայն տիրականօրէն կառավարելու մեր պատմական պարտաւորութեա՛ն մէջ։
Ես կը խնդրեմ սխալ չհասկնալ վերոյիշեալ դիտարկումներու էութիւնը։ Մեր երկիրը ունեցած է և ունի փայլուն մասնագէտներ քաղաքագիտութեան ոլորտին մէջ։ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան և Արևելագիտութեան զոյգ հիմնարկները և մեր համալսարաններու համապատասխան բաժանմունքները — իրենց բոլոր բացերով հանդերձ — քաղաքական գրագիտութեան անզուգական օրրաններ են։ Հայ քաղաքական միտքը առհասարակ կը գործէ ժամանակի ոգիին և հրամայականներուն համապատասխանող տեսլականով և զգայնութիւններով։ Մասնագիտական մտածողութիւնը չէ, որ բացակայ եղած է մեր կեանքէն։
Ըստ իս, շան գլուխը թաղուած է մեր երկրի քաղաքական գործընթացին մէջ։ Ինչպէս թերաճ երկիրներու պարագային, ճակատագրական վիհ մը հետևողականօրէն կը բաժնէ մեր երկրի քաղաքական միտքը երկրի ղեկավար գործընթացներէն։ Քաղաքական մտքի բանավէճը և անկէ բխող իմաստութիւնը շատ տարտամօրէն և պատահականօրէն միայն կը դրսևորուի քաղաքական գործիչներու մտածողութեան մէջ։ Փաստը այն է, որ միտքը և գործը լայն չափերով խզուած են իրարմէ։ Անոնք նոյնիսկ չեն սիրեր զիրար։ Անոնք դժուարաւ կը հանդիպին իրարու։ Աւելի վա՛տը։ Երկրի ղեկավար վերնախաւը կը մերժէ քաղաքական միտքը ընդգրկել իր կեանքին մէջ։ Ան խորթ է քաղաքական մտքի զարգացման տարերոյթին (dynamics)։ Ան շատ հեռու է քաղաքական մտքի բառապաշարն ու խօսոյթը հասկնալէ, քանի որ ան չէ աճած քաղաքական մտքին հետ միասին։
Այս պարագային, մեզ պէտք է շահագրգռէ, թէ իսկապէս ի՞նչ տեղի ունեցած է և տեղի կ՚ունենայ երկրի կառավարման որոշողական (decision-making) ոլորտներուն մէջ։ Ովքե՞ր են, որ կը տիրապետեն սանձերուն։
Յիշեցնե՛մ։ Դեռ վերջերս, Վարչապետ Փաշինեան ՀՀ Ազգային Ժողովի ամպիոնէն բացէ ի բաց կը յայտարարէր, թէ ինքն է միակ որոշողը Հայաստան-Թուրքիա բանակցային գործընթացի ուղղութիւնները ճշտելու գործին։ Ինքն է միակ իշխանութիւնը։ Պարզ խօսքով, չկան եռեակ իշխանութիւններ։ Չկայ տարանջատութիւն յիշեալ իշխանութեանց միջև։ Չկայ խորհրդակցութիւն՝ Ընդդիմութեան ուժերուն հետ։ Ինք ունի «մանդատ» ամէն ինչ ընելու։ Ինք ունի «մանդատ» նոյնիսկ երկիրը յանձնելու թշնամիին։ Ճիշտ ինչպէս՝ ի՛նքն էր 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի և 2021-ի Յունուար 11-ի անձնատւութիւնները ճարտարապետողը։ Իր վերջին «ասուլիս»ը անգամ մը ևս բացայայտեց, որ իր մտածողութեամբ՝ Արցախը յստակօրէն կը մտնէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մէջ։ Ինք պատրաստ է պաշտօնական ճանաչում տալու 1921-ի Կարսի ապօրինի և հայրենակործան պայմանագրին։ Ինք պատրաստ է ՀՀ տնտեսութեան դռները լայն բանալու թրքական ապրանքի ներխուժման և dumping-ին առջև գիտնալով հանդերձ, որ թշնամին եկած է ՀՀ արտադրական համակարգը փճացնելու։ Ինք պատրաստ է Հայաստանի տնտեսական տարածքը յանձնելու Թուրքիոյ յուսալով, որ թրքական ներդրումները – ի՜նչ բանէ մղուած — աշխատատեղեր կ՚ըստեղծեն հայ աշխատաւորութեան համար իր իսկ երկրին մէջ…Ինք ունի «մանդատ» այս աղէտը նիւթելու երկրի գլխուն։ Ունի «մանդատ» ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական ամբարտակները ամէն քայլափոխի պայթեցնելու… Ինք ունի՛։ Եւ հիմա հարց տանք, թէ ԻՍԿԱՊԷՍ Ո՞Վ ՈՒՆԻ «ՄԱՆԴԱՏ» ԱՅՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂԷՏԸ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ…
Պատմութիւնը շղթայաւորումն է օրը-օրին զարգացող իրադարձութիւններու հոլովոյթի մը անցեալի, ներկայի և ապագայի իրերահաղորդ փուլերով։ Այսօրուան պարտութիւնը — այսօրուան Փաշինեա՛նը — այսօր չէ, որ ծնունդ առած է։ Ան եփած է այս հանրապետութեան պատմութեան հնոցին մէջ…Ան ծնած է մեր պետական համակարգի բազմադիմի խմորումներէն։ Մեր հաւաքական մեղքերէն։ Մեր ձեռնթափութիւններէն։ Մեր ձախաւերութիւններէն։ Ան կայ, քանի որ մենք չկանք։ Քանի որ այս հանրապետութեան օրով չէ եղած և չկայ հայ ազգային գերագոյն շահի աշխարհացունց կողմնորոշումը։
Հայ անկախ պետականութեան երեսնամեայ փորձը ցարդ անցած է չորս փուլերէ։ Պայմանականօրէն կոչենք զանոնք առաջին երեք նախագահներու անուններով, իսկ վերջինը՝ Վարչապետ Փաշինեանի։ Բնական է, որ այդ փուլերը զանազանուին իրարմէ շարք մը յատկանիշներով և պատմական պահու գործօններով։ Բայց այդ բոլորէն առաջ և ետք, կարևոր է ի վերջոյ տեսնել, որ անկախ պետականութեան ժամանակը սահմանող մեծ գործօնը երկրէն ներս տիրող տնտեսակարգն է։ Այսինքն՝ այն մենաշնորհային համակա՛րգը՝ որ ծնունդ տուած է մեր երկրի օլիգարխիային։ Այսինքն՝ մեր անկախ պետականութեան կեանքէն ներս գործող միակ իսկական քաղաքական ուժի՛ն՝ որ ցարդ տնօրինած է ՀՀ ազգային ռազմավարութեան ընթացքը։ ՀՀ իշխանութեան ղեկին տիրապետող իրերայաջորդ նախագահներն ու վարչապետները կրնան ոխերիմ հակառակորդներ ըլլալ իրարու, բայց իրենցմէ իւրաքանչիւրի ետին դասակարգային նոյն օլիգարխիական համակարգն է, որ իր ձեռքերուն մէջ կը պահէ երկրին կենսական կամրջագլուխները։ Իսկ Ընդդիմութի՞ւնը։
Ցաւալի իրականութիւնը այն է, որ Ընդդիմութիւնն ալ ունի իր ներքին բարդ շերտաւորումները։ Անոր որոշիչ զանգուածը (critical mass, կրիտիկական մասսա) ցարդ եղած է նոյն օլիգարխիայի իշխանութենէ ժամանակաւորապէս դուրս գտնուող մէկ հատուածը, որ կ՚ըսպասէ իր յաջորդ հերթին։ ԻՍԿԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ – ներառեալ առաջին հերթին՝ իմ կուսակցութիւնս – լծուած է երկրին կեանքը փոխելու ազնիւ պայքարին և սակայն՝ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱ՛Ն ԴԻՐՔԵՐԷ և քաղաքական շրջափակման բոլոր խարդաւանքները դիմագրաւելով։ Ողբերգութիւնը այն է, որ ցարդ երկրի քաղաքական բեմին վրայ ղեկավարողն ու ղեկավարուողը, այսինքն՝ օլիգարխիան և ժողովուրդը, կը թուին գտնուիլ անգիր և անսուրբ դաշինքի (unholy alliance) մը մէջ։ Անոնք կը շահագործեն զիրար և այդ հոլովոյթով կ՚ամրապնդեն և կը մշտնջենաւորեն մէկզմէկու դիրքերը հասարակութեան մէջ։ Այսինքն՝ տիրողը՝ տիրո՛ղ և շահագործուողը շահագործուո՛ղ պահելով յաւիտեանս յաւիտենից։ Այս առումով, իսկական ընդդիմութիւնը մերժուած է միաժամանակ երկուքէն՝ երկիրը թաղուած պահելով իր քաղաքական ճահիճին մէջ։
Իսկ ի՞նչ կը պատահի երկրի արտաքին թշնամիի բերդերէն ներս։
Այսօր արդէն կը տեսնենք, որ անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին Թուրքիա և Ազրպէյճան հետևողականօրէն ձևաւորած են փանթուրքիզմի համաթրքական իրենց ծրագիրը, որ կ՚ենթադրէ հայ անկախ պետականութեան վերջնական լուծարումը և հայ ժողովուրդի ապահայրենացումը։ Նաև կը պարզուի, որ հայ անկախ պետականութեան ղեկավարութիւնը ոչինչ ըրած է երկրի լինելիութիւնը (viability, sustainability) ապահովելու համար։ Ան ոչինչ ըրած է համահայկական ազդու և համապարփակ ռազմավարութիւն մը մէջտեղ բերելու ազգային հրամայականին ի պատասխան։
Բոլոր երևոյթները ցոյց կու տան, որ թուրքևազրպէյճանական օլիգարխիան անքակտելիօրէն մաս կազմած է համաթրքական խորքային պետութեան գործողութիւններուն։ Ազրպէյճանի քարիւղի և կազի պաշարներու եկամուտները լայնօրէն տրամադրուած են համաթրքական ռազմավարութեան յաղթանակին։ Անոնք ծառայած են Մոսկուան գործնականօրէն լծելու թուրքևազրպէյճանական քաղաքականութեան։ Ծառայած են Ռուսաստանի ռազմական արհեստագիտութիւնը անկաշկանդ հոսեցնելու դէպի Ազրպէյճան։ Ծառայած են յատուկ և առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ ձևաւորելու Բաքուի և Մոսկուայի (իմա՛ Փութինի) establishment-ի միջև։ Ծառայած են Մոսկուան մղելու դիտաւորեալ կրաւորականութեան Ազրպէյճանի նախայարձակման դիմաց…Ծառայած են լիովին չէզոքացնելու Հայաստանը Կովկասեան տարածաշրջանի բեմին վրայ։
Իսկ ի՞նչ ըրած է Հայաստանի օլիգախիան։ Ան եղած է ռուսական օլիգարխիայի արբանեակը։ Անոր գործընկերը։ Անոր ստորադասը։ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանը դիտուած է որպէս արժան հումքի աղբիւր, որ հոսած է դէպի ռուսական արտադրամաս ՀՀ օլիգարխիայի միջոցով։ Հայաստան-Ռուսաստան դիւանագիտական յարաբերութիւնները անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին հետզհետէ աւելի շեշտակիօրէն եղած են տեղքայլի մէջ։ Յատկապէս ներկա՛յ իշխանութեան օրով։ Յաճախ կը խօսուի այն մասին, թէ գոյութիւն ունեցած է մնայուն և գործօն դիւանագիտութիւն երկու երկիրներու միջև և Մոսկուան միշտ ինքզինք յայտարարած է ռազմավարական գործընկեր՝ Հայաստանին։ Այս հռետորաբանութիւնը, սակայն, իր նոյնական զուգահեռները ունի ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ։ Ասոնք ոչինչ կը նշանակեն, եթէ անոնց ետին չգործեն իսկական ցանցերը։ Այդ ցանցերուն մէջ տեղ ունէր Հայաստանը անցեալին և ակնյայտօրէն հիմա չունի։ Ի տարբերութիւն Ալիևի՛ն՝ որ լայնօրէն թափանցած է յիշեալ ցանցերէն ներս։ Այս է, որ ցոյց կու տան իրականութեան տուեալները։
Երեսուն տարի շարունակ, անխնայ շահագործման ենթարկուած է մեր երկիրը մենաշնորհային համակարգի թաթին տակ։ Ճիշտ է, որ Երևանը կը փայլի իր պողոտաներով, շէնքերով, շուկաներով, ճաշարաններով։ Այո՛, ան վերածուած է երևանեան քաղքենիութեան հաճոյավայրի։ Ճիշտ է նաև, որ մենաշնորհային տնտեսութեան զուգահեռ յաճախ երևան կու գան երիտասարդ ձեռներէցութեան ողջունելի օրինակներ։ Բայց երկիրը կը գտնուի աղքատութեան ճիրաններուն մէջ։ Եւ այս մէկը՝ բոլորովին անկա՛խ յետպատերազմեան փլուզումներէն։ Փաստը այն է, որ ամբողջ երեսուն տարի մենաշնորհային համակարգը լայնօրէն խուսափած է երկրի վերաներդրումային դաշտէն։ Ստեղծուող հարստութեան վերաբաշխումը տնտեսութեան մէջ կը գտնուի ողբալի մակարդակի վրայ։ Համակարգի տէրերը իրենց շահոյթը լայն չափերով հանած են երկրէն դուրս փոխանակ նոր և որակաւոր աշխատատեղեր ստեղծելու երկրին մէջ։ ԱՄԷՆ ՕՐ ԱՒԵԼԻ ՈՒՌՃԱՑՈՂ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ՝ ԱՄԷՆ ՕՐ ԱՒԵԼԻ ԱՂՔԱՏԱՑԱԾ Է ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՒ ԳԱՂԹԱԾ ԵՐԿՐԷՆ ԴՈՒՐՍ։
Այս բոլորէն կը հետևի, որ այսօր մենք պիտի ճիշտ հասկնանք բնոյթը մարտահրաւէրին։ Թշնամին միայն արտաքին սպառնալիքի ուժերը չեն։ Թշնամին մեր երկրի ուժականութիւնները ջլատող բոլոր ներքին և արտաքին գործօններն են, որոնք ամբողջացուցած են զիրար և երկիրը բերած անպաշտպանելիութեան ներկայ աստիճաններուն։ Այդ գործօնները միահիւսուած են մէկզմէկու՝ արգիլելով երկրի հզօրացումը քաղաքական, տնտեսական, պաշտպանական, ընկերային, ժողովրդագրական, մշակութային և աշխարհաքաղաքական ոլորտներէն ներս։
Այս գահավէժն է, որ կանգ պիտի առնէ ամենէն արագ և վճռական քայլերով։ Նախկին նախագահներու առաջնորդութեամբ հրապարակ իջած քաղաքական խմբաւորումները այսօր իսկ կը մատնեն անընդունելի դիտաւորութիւններ։ Անոնք կը խօսին հինը ետ բերելու մտայնութեամբ։ Անոնք նոյնիսկ կը խօսին նորը ստեղծելու հռետորաբանութեամբ, բայց կը շարունակեն փայփայել հինին մեղաւոր երազը։ Այս խաղքութիւնը պիտի կանգ առնէ։ Վաղուան ոստիւնը պիտի իրագործուի իսկական ընդդիմութեան որակներով և գաղափարախօսութեամբ։ Եւ որպէսզի ՀՀ հաւաքական կեանքի այս յեղաշրջումը իրականութիւն դառնայ, ոտքի պիտի կանգնի մեր ժողովուրդի ուժական, արդարախոհ, հայրենի անկախ պետականութեան վերելքի նորմերով տոգորուած լուռ զանգուածը, զոր բարոյալքելու քաղաքականութիւն որդեգրած է ներկայ իշխանութիւնը։ Վե՛րջ բարոյալքութեան։ Ոտքի պիտի կանգնի մեր երիտասարդութիւնը երկրի և արտերկրի անկիւններէն ԲՈԼՈՐ թշնամի ուժերու դէմ ճակատ յարդարելու վճռակամութեամբ և հաստատէ մեր այսօրուան և վաղուան պայքարի չափանիշները։ Բոլոր անոնք, որոնք կը սոնքան մեր շուրջ մեր երկիրը աւարելու ախորժակներով, գործ պիտի ունենան այս նոր յեղափոխութեան հետ։ Բոլոր անոնք, որոնք կը պատրաստուին մեր երկիրը թշնամիին նուիրելու, պիտի չտեսնեն այդ օրը։ Բոլոր այն արտաքին ուժերը, որոնք հեռուէն կամ մօտէն մասնակից են հայ անկախ պետականութեան սպանդին, անձնապէս և հաւաքաբար պատասխանատու են իրենց արարքներուն համար։ Կարևոր չէ, թէ ովքե՞ր են անոնք։ Բադին, Կոզբադին և բոլոր միւսները պիտի գիտնան, որ այս յեղափոխութիւնը ոչ թաւիշէ է ըլլալու, ոչ մետաքսէ։
Փաշինեան և իր համակարգը յաջողապէս անդամալուծած են երկրի ժողովրդավարական բոլոր գլխաւոր կառուցակարգերը։ Անոնք սառեցուցած են ՀՀ Սահմանադրութիւնը և լծուած՝ հայ անկախ պետականութիւնը անդամահատելու չարաշուք գործին։ Փաշինեան կը յաւակնի ըսել, որ այդ բոլորին համար ինք ունի ժողովուրդին ամբողջական լիազօրութիւնը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ դառն հեգնա՛նք մը ուղղուած ՀՀ հանրութեան և ազգին։ Այո՛, կան այսպիսի անհեթեթ ժամանակներ բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան մէջ, երբ ժողովուրդը հոգեբանականօրէն դրուած է ինքնիր գերագոյն շահերուն դէմ քուէ տալու պարտադրանքին տակ։ Այսինքն՝ այնպիսի ժամանա՛կ՝ երբ ժողովուրդը դուրս եկած է իր պատմութենէն։ Ոտնակոխած է իր պատմական առաքելութեան հարազատ նորմերը։ Հետևաբար այն ինչ, որ ունի Փաշինեան՝ խարդախուած և ապասահմանադրական «լիազօրութիւն» է, որ լիազօրութիւն չէ և չի կրնար ըլլալ և պէտք է կասեցուի ամէն գնով։
Վարչապետ Փաշինեան միայն մէկ բան ունի ընելիք։ Ամենէն արագ ձևով դուրս գալ իշխանութենէ, ինչպէս ըրաւ ՀՀ Առաջին Նախագահը։ Դուրս գալ իշխանութենէ Թուրքիոյ հետ որևէ – թէկուզ՝ նախնական — համաձայնութիւն կնքելէ առաջ։ Դուրս գալ՝ գէթ այս ուշ ժամուն ցուցաբերելով իմաստութիւն և յարգելով ՀՀ Սահմանադրութիւնն ու հայոց պատմութիւնը։ Դո՛ւրս՝ քանի որ սպառած են երկրի համբերութեան լուսանցքները։ Եւ քանի որ եկած է ժամանակը, որ երկրի ժողովրդավարական ուժերը իջնեն հրապարակ հայոց պատմութեա՛ն «մանդատ»ով, որ խարսխուած է ՀՀ Սահմանադրութեան հիմնարար սկզբունքներուն մէջ և իրենց ձեռքերուն մէջ առնեն հայ անկախ պետականութեան վտանգուած ճակատագիրը։ Ասիկա այլևս Հայրենիքի փրկարարներուն օրն է։ Հրաշագործողներուն օրն է։ Ճակատագրողներուն օրն է։ Նոր յարացոյցը հաստատողներուն օրն է։ Տէր ընդ ձե՛զ։