ՀՅԴ Արևմտեան ԱՄՆի Կեդրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւն

ՀՅԴ Արևմտեան ԱՄՆի Կեդրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւն

READ IN ENGLISH

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէն խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ու Արցախի շուրջ օղակը սեղմելու գործընթացին։ Ասոր իբրեւ հետեւանք, Հայաստանն ու հայ ազգը այսօր կը գտնուին գոյութենական, լինել-չլինելու ծանրագոյն վտանգին դէմ յանդիման։

Ակնյայտ է բոլորիս համար, որ այս գործընթացին մեղսակից են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ՔՊ-ական իշխանութիւնները։ 44օրեայ պատերազմին, նոյն այս իշխանութիւնները դաւաճանական, մտածուած ու կազմակերպուած կերպով պարտութեան առաջնորդեցին մեր ազգն ու մեր զոյգ հանրապետութիւնները։

Ի տես այս կացութեան, կը յայտարարենք,

1) Ամէն գնով պիտի չհանդուրժենք Արցախը լքելու ու զայն Ատրպէյճանին յանձնելու ՔՊ-ական իշխանութիւններուն վարքագիծը, որ անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ մեր զոյգ պետութիւններու կործանումին եւ հայ ժողովուրդի նոր ցեղասպանութեան։

2) Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ մեր ունեցած բոլոր կարելիութիւնները կը դնենք ի աջակցութիւն Արցախէն հնչած պայքարի աննահանջ ձայնին, ի սպաս հայրենի ընդդիմութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել Հայաստանի կործանման գործընթացը եւ իշխանութենէն հեռացնել ՔՊ-ական ապազգային ու հայրենակործան վարչախումբը։

3) Կոչ կ՚ուղղենք Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ ապրող մեր ժողովուրդին, որ մնայ զգաստ ու պատրաստ, որպէսզի ինք եւս իր բաժինը բերէ հայրենիքի փրկութեան գործին։

4) Կոչ կ՚ուղղենք մեր շարքերուն, որ պատրաստ ըլլան որեւէ հաւանականութեան ու զարգացումի։Ոտքի՛ Հայաստան, ոտքի՛ Արցախ, ոտքի՛ հայ ազգ։

Լոս Անճելըս

17 Ապրիլ 2022

Share