ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ-ԿՈՉ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ-ԿՈՉ

Սիրելի հայրենակիցներ,

Կարծէք չէր բաւեր 44օրեայ պատերազմի արհաւիրքը՝ հայրենի հողի ու  մարդկային անչափելի կորուստներով, 2020ի Նոյեմբեր 9ի տխրահռչակ յայտարարութենէն վերջ եւս շարունակուեցան զիջումները՝ թշնամի Ատրպէյճանին։

Հայաստանի այս իշխանութիւններուն վարած դաւաճանական քաղաքականութեան հետեւանքով, թշնամին ներխուժեց նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք, իր զինեալ հակաշռին տակ առնելով Գորիս-Կապան ճամբու 21 քիլոմեթրնոց հատուածը, Իշխանասարի բարձունքները, Սեւ լիճին մեծ մասը, ինչպէս նաեւ ռազմավարական նշանակութիւ ունեցող այլ կէտեր։

Այս բոլորը կարծէք չէին բաւեր, իշխանութիւնները, Ազգային անվտանգութեան քարտուղարին բերնով յայտարարեցին, թէ Արցախի Հանրապետութենէն դուրս պիտի բերեն հայկական զինեալ ուժերը, կամ՝ ինչ որ մնացած էին։ Այս ուղղութեամբ ալ անոնք քանի մը օր առաջ, գիշեր ատեն, հապճեպօրէն Արցախէն Երեւան բերին ՀՀ բանակի զինուորներ։

Փաստօրէն, այս իշխանութիւնները որոշած են Արցախը յանձնել թշնամիին ողորմածութեան։ Այն Արցախին, որուն ազատագրումին համար մեր ժողովուրդը տուաւ աւելի քան 10  հազար նահատակներ եւ այդ ազատագրուած հողին վրայ հիմնեց անկախ պետականութիւն, յարգելով խորհրդային եւ միջազգային օրէնքներու բոլոր տրամադրութիւնները։

Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը անմասն չմնաց այս պայքարէն, թէ՛ մարդուժով եւ թէ՛ նիւթապէս, երբ 1993ին եւ 94ին կազմակերպեց յատուկ թելեթոններ, որոնք աննախընթաց էին իրենց բնոյթով եւ արդիւնքներով։

Իսկ այսօր, մեր երկրի իշխանութիւնները որոշած են Արցախը վերստին յանձնել թշնամիին, անարգելով թէ՛ մեր արդար իրաւունքները եւ թէ՛ մեր նահատակներուն արիւնը։

Անհրաժեշտ է, որ ամերիկահայութիւնը իր վճռական խօսքը ըսէ այս ազգադաւ քաղաքականութեան նկատմամբ եւ ցոյց տայ նաե՛ւ մեր թշնամիին, որ մենք տէրն ենք մեր հայրենիքին։

Առ այս, կոչ կ՚ուղղենք շրջանէս ներս գործող քաղաքական, կրօնական, բարեսիրական եւ հանրային բոլոր կազմակերպութիւններուն, որպէսզի միանան մեր այս կոչին, միասնակամ կերպով արտայայտելու համար մեր վճռական կեցուածքը։

Կարելի չէ յապաղիլ։ Կարելի չէ ձգձգել հայրենիքի պաշտպանութեան գործը։ Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ։

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան ԱՄՆի

Կեդրոնական Կոմիտէ

Օգոստոս 24, 2022

Լոս Անճելըս

Share