Նոյեմբեր 9, 2022, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա
Սիրելի հայրենակիցներ,
44-օրեայ պատերազմէն ետք, Արցախը ոտքի է կանգնած։ Մենք բոլորս երկար էինք սպասած այս օրուան։ Արցախը միասնական է եւ տէր է իր պետականութեան։ Ստեփանակերտի Վերածնունդի Հրապարակին վրայ, աւելի քան 40,000 իրաւատէր Արցախահայերու մասնակցութեամբ, Հոկտեմբեր 30-ին հնչեցին յստակ ուղերձներ՝
- Արցախը երբեք չէ եղած եւ չի լինելու Ազրպէյճանի կազմին մէջ:
- Արցախի Հանրապետութեան, Արցախի ժողովուրդին համար անընդունելի է Արցախը Ազրպէյճանին բռնակցելու ցանկացած փորձ։
- Հայաստանի Հանրապետութեան ո՛չ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի ստորագրել որեւէ փաստաթուղթ, որտեղ ինքնիշխան Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւնը կասկածի տակ կ’առնուի։
Ա՛յդ օր, Ազգային ժողով հասարակութիւն զուգընթաց եւ փոխլրացնող կշռոյթներով այդ վճռականութեան դրսեւորումները հոգեպարար բնոյթ ունեցան ո՛ղջ հայութեան համար:
Յստակ է որ 1988էն ի վեր, մենք զօրակցած ու սատարած ենք Արցախի ազատագրական պայքարին, որովհետեւ անոր ազատագրումը կարեւոր քայլ մըն էր դէպի մեր նպատակադրած Միացեալ Հայաստանի կերտումը։
Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը կարեւոր ներդրում ունի Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ։ Հայ Դատի Յանձնախումբը, 1988էն ի վեր ու անկէ վերջ, հսկայական աշխատանք տարած է ամերիկեան օրէնսդիր թէ գործադիր իշխանութիւններուն մօտ, զօրակցութիւն ապահովելու համար Արցախի ազատագրութեան արդար դատին։
Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ էր, որ առաջին անգամ դրամահաւաք-թելեթոն կազմակերպեցինք՝ Արցախ Ֆոնտ անունով, նիւթապէս օժանդակելու համար այդ պայքարին։ Անկէ վերջ, ՀՕՄը եւ ՀԵԴն ընկերային, բարեսիրական ու երիտասարդական ծրագիրներու ճամբով մեծապէս սատարեցին արցախաբնակ մեր հայրենակիցներուն, որպէսզի ամրապնդուի անոնց կապը ազատագրուած հողին հետ։
Թոյլ չենք կրնար տալ, որ հազարաւոր նահատակներու արեան ու համազգային զոհողութիւններու գնով ազատագրուած Արցախը լքուի իր բախտին։
Մենք անվերապահ կերպով կը զօրակցինք Արցախի Հանրապետութեան, որպէսզի ան լիիրաւ կերպով վայելէ ինքնորոշման բնական իրաւունքը։ Թոյլատրելի չէ որեւէ ազգակործան քայլ՝ Արցախի նկատմամբ։
Առ այս, արձագանգելով Հոկտեմբեր 30, 2022ին Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հուժկու հանրահաւաքին, կը միացնենք մեր ձայնն ու կամքը մեր արցախաբնակ հայրենակիցներուն։ Մենք կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը Արցախի Հանրապետութեան անսասանութեան նկատմամբ ու մեր բոլոր միջոցներով կը զօրակցինք հայութեան այս արդար դատին։
ՀՅԴ Արևմտեան ԱՄՆ Կենտրոնական Կոմիտէ
ՀԵԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական Վարչութիւն
ՀՕՄ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբ
ՀԵԴ Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնին
ՀՅԴ Շանթ Ուսանողական Միութիւն