Արևմտեան Ամերիկայի ազգային երեք կուսակցութիւններու յայտարարութիւն

Արևմտեան Ամերիկայի ազգային երեք կուսակցութիւններու յայտարարութիւն

Յունուար 29, 2023

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023-ի երեկոյեան, ՌԱԿ-ի Ալթատինայի գրասենեակին մէջ, ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները ունեցան աւելի քան երկժամեայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Արցախահայութեան օրըստօրէ սրող տագնապալի իրավիճակը եւ մեր տեղական ազգային կեանքը յուզող հարցերը: Հանդիպումին ՍԴՀԿ-էն կը մասնակցէին Վազգէն Խոտանեան (ատենապետ) և Միհրան Խաչատուրեան, ՀՅԴ-էն՝ Տարօն Տէր Խաչատուրեան (ատենապետ) եւ Գարեգին Խանճեան, ՌԱԿ-էն՝ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան (ատենապետ) և Կարօ Քիւփէլեան:

Շեշտը դրուեցաւ մեր ազգային դատը առանց ընկրկումի հետապնդելու, ինչպէս նաեւ մեր պետականութիւնն ու անկախութիւնը առաւելագոյն ուժերու լարումով և նպատակասլաց աշխատանքով շարունակելուն վրայ։ Ցեղասպան Թուրքիոյ և անոր գործընկեր Ազրպէյճանի հայաջինջ քաղաքականութիւնը կը մնայ առկայ նաե՛ւ այսօր: Պարտինք Արցախայութեան ի նպաստ  մեր անմիջական զօրակցութիւնը յայտնել՝ ճգնաժամը բարձրացնելով տեղական, նահանգային եւ դաշնակացային մակարդակներու վրայ եւ պահանջելով ԱՄՆ-էն շտապ միջամտութիւն ցոյց տալ Բերձորի միջանցքին վերաբացման ուղղութեամբ։  Հանդիպման ընթացքին  որոշուեցաւ նախորդ տարիներուն հաստատուած աւանդութեամբ ու միացեալ ճիգերով նոր թափ տալ գաղութային կառոյցներուն (AGC, UACLA) կազմակերպելու 2023 թուականի ապրիլեան ոգեկոչումները: Կը նախատեսուին նաեւ երեք կուսակցութեանց համատեղ ճիգերով ազգային այլ օրակարգեր տանիլ առաջ:

Հայ ազգն ու հայրենիքը գոյութենական պայքարի մէջ են: Բոլորի՛ս ճիտին պարտքն է միասնական շարքերով ծառայել հայրենիքին ու հայութեան: Արդ, մեր կոչն է բոլորիդ համախմբուիլ մեր ազգային ու միութենական կառոյցներուն շուրջ, զերծ մնալ հատուածական հաշիւներէ, գերադասել ազգայինն ու մեր իրաւունքները, և բերել ձեր մասնակցութիւնը ազգի անվտանգութեան և բարօրութեան օգտին:

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

Share