Անգամ մը եւս ցոյց տանք, որ հայութիւնը մէկ է, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ու այդ իմաստով ալ՝ կանգնինք հալէպահայութեան կողքին

Անգամ մը եւս ցոյց տանք, որ հայութիւնը մէկ է, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ու այդ իմաստով ալ՝ կանգնինք հալէպահայութեան կողքին

ԿՈՉ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Ազնիւ Հայրենակիցներ,

Տեղեակ էք, որ ուժեղ երկրաշարժ մը հարուածեց հայոց պատմական Կիլիկիայէն մինչեւ Լիբանան երկարող աշխարհագրական շրջանը։ Երկրաշարժի կիզակեդրոնին շատ մօտ էր նաեւ հայաշատ Հալէպ քաղաքն ու հայկական Քեսապ աւանը։

Կարծէք չէր բաւեր այն արհաւիրքը, որուն ենթարկուած էր հալէպահայութիւնը Սուրիոյ դէմ մղուած պատերազմին ընթացքին, այժմ բնական աղէտը հարուածեց նշեալ տարածաշրջանը։

Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած պատերազմի ընթացքին իսկ, հալէպահայութիւնը ցուցաբերեց օրինակելի տոկունութիւն եւ կազմակերպուածութիւն՝ կառչելով իր հայկական դիմագիծին։ Սուրիահայ կառոյցները, իրենց կարգին, ճիգ չխնայեցին տիրութիւն ընելու համար տեղւոյն հայութեան։ Օրին, սփիւռքահայութիւնը օժանդակութեան ձեռք երկարեց սուրիահայութեան, որպէսզի պատերազմական աղէտին հետեւանքները կարելի ըլլար մեղմացնել։

Նոյնն է պարագան այսօր եւս, երբ ի տես այս բնական աղէտին,պարտինք օգնութեան ձեռք երկարելու հալէպահայ մեր կառոյցներուն ու ժողովուրդին։

Հետեւաբար կոչ կ՚ուղղենք բոլորիդ, որ անսալով Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի եւ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեան, մեր առատաձեռն նուիրատուութիւններով, զօրավիգ կանգնինք հալէպահայութեան՝ նշեալ երկու կառոյցներուն միջոցով։

Անգամ մը եւս ցոյց տանք, որ հայութիւնը մէկ է, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ու այդ իմաստով ալ՝ կանգնինք հալէպահայութեան կողքին։

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան ԱՄՆի

Կեդրոնական Կոմիտէ

Փետրուար 10, 2023, Լոս Անճելըս


Հայ Օգնութեան Միութեան միջոցով ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել  այցելելով ՀՕՄի կայքէջը՝ www.arswestusa.org կամ չէքով՝ արձանագրուած ARS անուան (memo-ի բաժնին մէջ նշել Սուրիահայութեան համար) ուղարկել ARS Regional Headquarters, 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202 հասցէին: 

Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք փոխանցել Ազգային Առաջնորդարան չէքով՝ արձանագրուած WESTERN PRELACY  անուան, (memo-ի բաժնին մէջ նշել Սուրիահայութեան համար եւ ուղարկել  Western Prelacy, 6252 Honolulu Avenue, La Crescenta, CA 91214 հասցէին), կամ այցելելով Ազգ· Առաջնորդարանի կայքէջը www.westernprelacy.org  (Տեսնել “Donate” բաժինը եւ ամբողջացնել անհրաժեշտ տեղեկութիւնները)

Share