Խաբէութիւններու Ժամանակը Անցած Է Պարոնայք

Խաբէութիւններու Ժամանակը Անցած Է Պարոնայք

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Քանի մը ժամ առաջ, Լոս Անճելըս հրատարակուող եւ Հ.Յ.Դաշնակցութենէն բռնագրաւուած «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ (2 Օգոստոս, 2021) յայտարարութիւն մը լոյս տեսաւ, «ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանական յարձակումները» խորագրով։

Հ.Յ.Դաշնակցութեան աշխարհատարած ընտանիքին հետ ոչ մէկ գաղափարական կամ վարչական կապ ունեցող այս խմբակին հրապարակած «յայտարարութիւնը» կը բաղկանայ 11 պարբերութիւններէ, որոնցմէ 9ին մէջ կը դատապարտուին Ատրպէյճանը, Թուրքիան, Ռուսիան, Արեւմուտքը ընդհանրապէս եւ Մ. Նահանգները, որ յարձակումներ կը գործեն Հայաստանի դէմ, կամ լուռ կը մնան եւ գործնական քայլեր չեն առներ ատրպեճանական յարձակումներուն նկատմամբ։

9րդ պարբերութեան մէջ ալ կ՚ըսուի (եւ մեր համոզումով այս երկար-բարակ յայտարարութեան բո՛ւն նպատակն ալ այդ է). «Յառաջիկայ օրերուն, նոր խորհրդարանի աշխատանքի մեկնարկը պէտք է առիթ ըլլայ Հայաստանի նորընտիր պատգամաւորներուն համար, բոլորովին փոխելու իրենց քաղաքական պառակտիչ հռետորաբանութիւնը, որ տիրական դարձած է տեղական քաղաքական ոլորտին մէջ, հրահրելով ներքին թշնամանք եւ պառակտելով քաղաքացիական հասարակութիւնը»։

Այսինքն, կարծէք մինչ այդ հաշտ ու խաղաղ էր կեանքը «տեղական քաղաքական ոլորտին մէջ», այս նոր խորհրդարանի պատգամաւորները յանկարծ սկսան «ներքին թշնամանք» եւ «պառակտում» սերմանելու…

Մինչ այդ, արար-աշխարհ շատ լաւ գիտէ (ներառեալ այս յայտարարութեան հեղինակները), թէ աւելի քան 3 տարիէ ի վեր ո՞վ, կամ որո՞նք, իրենց զազրախօսութիւններով ու սպառնալիքներով բառացիօրէն պառակտեցին ոչ միայն Հայաստանի հանրութիւնը, ոչ միայն Սփիւռքը, այլ նաեւ հանրութեան ընկերային հիւսուածքը՝ ընտանիքնե՛ր ամբողջ։ Մոռցա՞նք «թաթիկ կտրել»ները, բառացիօրէն եւ գործնապէս «ասֆալթին պառկեցնել»ները, «պողպատէ մանդատը», «չագուճները», ու ասոնց ընկերացող բոլոր տեսակի ապօրինութիւնները՝ դեռ մինչեւ 24 ժամ առաջ, երբ Ազգ. Ժողովի առաջին նիստը գումարուեցաւ՝ մինչ անոր անդամներէն մէկ քանին կը գտնուէին կալանքի տակ, բառացիօրէն։

Ու երբ ընդդիմութիւնը ԱԺէն ներս իր արդարացի բողոքի ձայնը կը բարձրացնէ առաջին իսկ նիստին, տալով օրինական հիմնաւորումները իր բողոքին, Դաշնակցութեան՝ Լոս Անճելըսի օրգանը բռնագրաւած այս խմբակը բարոյախօսութեան խրատներ կու տայ «պատգամաւորներուն», որ «տղա՛ք, չ՚ըլլար, վազ անցէք, հայրենիքը վտանգի տակ է…»։ Այսինքն, նոյն հարթութեան վրայ դնելով դաւաճանն ու հայրենիքին նուիրեալը, հայրենադաւն ու հայրենապաշտը, դահիճն ու զոհը։

Թող յստակ ըլլայ բոլորին, Դաշնակցութիւնը չի՛ կրնար լուռ մնալ երբ հայրենիքը վտանգուած է. Դաշնակցութիւնը չի՛ կրնար ձեռքերը ծալլել երբ հայրենիքին սահմանները կը վտանգուին. Դաշնակցութիւնը չի՛ կրնար անտարբեր մնալ, երբ հայրենադաւ են մեր իշխանութիւնները ու ամիսներէ ի վեր կը պայքարի նոյն այս իշխանութիւններուն դէմ, որպէսզի մեր երկիրը ունենայ ազգային առողջ նկարագրով ու երկրին շահերը ամէն բանէ վեր դասող պետականամէտ իշխանութեամբ։ Իսկ Լոս Անճելըս նստած խմբակի մը քիմքին համար բնականաբար հաճելի չէ Դաշնակցութեան այս կեցուածքը, հետեւաբար, պէտք է կռնակէն հարուածել Դաշնակցութիւնը (խորքին մէջ՝ նոյնինքն Հայաստանը)՝ «դաշնակցութեա՛ն» իսկ անունով։

Այնպէս որ, մեր խօսքը ուղղելով հայ հանրութեան, ինչպէս նաեւ այս խմբակին, յստակօրէն կ՚ըսենք.- Ոչ ոք կրնայ հանրութիւնը մոլորեցնել։ Մարդիկ յիշողութիւն ունին, գիտեն հայրենադաւն ու հայրենանուէրը, դաւաճանն ու իսկական հերոսը իրարմէ զանազանել։ Գիտե՛ն, թէ ո՞վ է պառակտողը մեր ժողովուրդը, գիտեն թէ ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները ո՞ր արտաքին աղբիւրներէն կը խմեն իրենց ջուրերը եւ շատ լաւ գիտեն, թէ ի՞նչ է ընդդիմութեան, ու նաեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեա՛ն կեցուածքը այս հայրենադաւ իշխանութիւններուն նկատմամբ։ Այնպէս որ, թող ոչ ոք «նեղուի» երբ ըսենք, թէ վաղուց որոշած ենք այս իշխանութիւնները տուն ղրկել, որովհետեւ անոնք անդառնալի աղէտ բերին մեր ժողովուրդին ու պետութեան գլխուն։ Խաբէութիւններու ժամանակը վաղուց անցած է։ Իսկ եթէ Դաշնակցութեան այս կեցուածքները ոեւէ մէկուն քիմքին հաճելի չեն՝ ատիկա մեր խնդիրը չէ։

Այսօր մեր երկիրն ու ազգը կը գտնուին գոյութենական վտանգի դիմաց։ Դաշնակցութիւնը, իր զինակիցներով, վճռած է չէզոքացնելու այս վտանգը, բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս։ Իսկ Ազգային ժողովը, իր օրէնսդիր հանգամանքով եւ դերակատարութեամբ, այս պայքարին խրամատներէն մէկն է։ ՔՊականներուն ու անոնց մանկլաւիկներուն համար հաճելի ըլլայ ատիկա կամ ոչ։

2 Օգոստոս 2021,
Լոս Անճելըս

Share