Նախագահ Արմէն Սարգսեանի դասալքութիւնը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի դասալքութիւնը

 Սեդօ Պոյաճեան

Եթէ հայրենիքի գոյավիճակը վտանգի մատնուած չըլլար, ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականը կարելի էր ընդունիլ ըմբռնումով եւ անցնիլ։ Բնական պայմաններու տակ, մեկնելով ողջախոհութենէ եւ քաղաքական պատշաճութենէ, կարելի էր շնորհակալութիւն յայտնել Նախագահին՝ հայրենիքին ու ազգին մատուցած իր ծառայութեան համար ու անցնիլ։

Ցաւալիօրէն հայրենիքի պայմանները բնական չեն։ Ողբալիօրէն անոր գոյութենականութեան կը սպառնան մռայլ օրեր եւ դաժան զարգացումներ։ Այս կացութեան մէջ Հանրապետութեան Նախագահի պաշտօնը թերեւս միակ ապաւէնն է պատուար կանգնելու ընդդէմ Հայաստանը այս անկումային ճակատագրին առաջնորդող մենատիրութիւն հաստատած երկրի գործադիր իշխանութեան եւ օրէնսդիր մարմնին։

Պիղատոսեան յատկութեամբ Նախագահ Սարգսեան կը լուայ իր ձեռքերը եւ կը մեկնի։ Ան փախուստ կու տայ իր պատասխանատուութենէն եւ կը փորձէ բացառել իր հաշուետուութիւնը, որ ան պարտական է ու պիտի մնայ պարտական հայրենիքին եւ Սփիւռքին։

Պրն. Սարգսեան հանգիստ սրտով ու հանդարտ խղճով կը լքէ իր պաշտօնը այն պահուն, երբ իր նախագահած երկիրը աստիճանաբար կը քանդուի արտաքին թշնամի ուժերու հարուածներով, ազգը փուլ կու գայ երկրի ներքին ուժերու դաւադրութեամբ։ Ան կը մեկնի մեր ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու անէացման վտանգի խոր գիտակցութեամբ։

Թափող ջուրի ո՛չ մէկ կաթիլ կ՚ընդունի, որ ին՛ք է պատասխանատու պատահած ջրհեղեղին։ Բայց մեր երկիրը ողողող ջրհեղեղին մէջ Պրն. Սարգսեան կաթիլ մը չէր, այլ՝ իր ստանձնած պաշտօնի բերումով ան ջրվէժ մըն էր։

Երկրի ղեկավարութեան մէջ ջրհեղեղէն ետք առաջնորդին ինքնակամ հեռացումը երկչոտութեան մեծագոյն ապացոյցն է։ Պրն. Սարգսեանի պարագային երկչոտութիւն վերագրելը թերեւս մեղմագոյն մեղադրանքն է որ, ինչպէս իր պաշտօնավարութեան անցնող չորս տարիները կը վկայեն, ան սիրով պիտի ընդունի։ Բայց Պրն. Սարգսեանի հրաժարականը ներկայ պայմաններու տակ շատ աւելին է քան լոկ երկչոտութիւն։ Անոր հրաժարականը աղաղակող դասալքութիւն է։

Անշուշտ, ինչպէս իր հրաժարականի բացատրութեամբ կը փորձէ ապացուցել, ան ինքզինք կը նկատէ անմեղ եւ ամբողջ մեղքը կը բարդէ ՀՀ Սահմանադրութեան եւ եւ անկէ բխող պետական կառոյցին վրայ։

Պրն. Սարգսեան հրաժարելու իր որոշումը կ՚արդարացնէ այն հիմամբ, որ Սահմանադրութիւնը սահմանափակած է իր հեղինակութիւնը, իր ձեռքերը կապուած են եւ ազդու գործ կատարելու կարողութենէ զրկուած է։ Ի զուր ինքնարդարացում մըն է այս երեմիականը, որովհետեւ Սահմանադրութիւնը Հանրապետութեան Նախագահին կը տրամադրէ անչափելի հեղինակութիւն եւ լիազօրութիւններ՝ հակակշռելու կամ խափանելու կառավարական որոշումներ ու սանձարձակութիւններ ներքին թէ արտաքին բնագաւառներու մէջ։

Նախագահ Սարգսեան ի՛նք անտեսեց եւ ջլատեց սահմանադրութեամբ նախագահին տրամադրուած հեղինակութեան եւ ուժը կռուանները։ Յետադարձ ակնարկով այսօր  որքա՜ն ակներեւ է իր կրաւորականութիւնը սահմանադրական իրաւասութիւններուն նկատմամբ։

Եւ այսպէս, Պրն. Սարգսեան կը հեռանայ։ Կը հեռանայ այնպիսի պահուն, երբ իր ներկայութեամբ ու աւելի նախաձեռնող նախանձախնդրութեամբ պէտք է հեղինակութեան կորիզը դառնար հաւաքականօրէն մեզի սպառնացող վտանգներուն։

Իբրեւ բազմակողմանի գիտելիքներու տէր մարդ, Պրն. Սարգսեան վստահաբար գիտէ    

Հռովմէացի քաղաքական գործիչ Մարքուս Թուլիուս Կիկերոնի երկու հազար տարի առաջ հնչեցուցած ահազանգը, թէ «Ազգ մը կրնայ դիմանալ իր տխմար, նոյնիսկ փառասէր առաջնորդներուն։ Բայց ան չի կրնար դիմանալ ներքին դաւաճանութեան։ Որովհետեւ, դաւաճանը չի ներկայանար իբրեւ դաւաճան, այլ՝ ան կը խօսի իր զոհերուն լեզուով եւ կը դիմէ մարդոց սրտին խորքը պահուած ստոր զգացումներուն։ Ան կը փճացնէ ազգի ոգին։ Ան կը գործէ գիշերուան մթութեան մէջ գաղտօրէն եւ թաքուն՝ քանդելու համար երկրին հիմերը։ Ան կը վարակէ քաղաքական մարմինը, որպէսզի ազգը այլեւս չկարենայ տոկալ։»

Այս գիտակցութեամբ, Պրն. Սարգսեանի կամովի հեռացումը կարելի չէ բացատրել բացի դասալքութեամբ։

Դասալքութեան ահաւորը կը կայանայ այն գիտակցութեան մէջ, որ մեր հաւաքական իրաւունքները անէացնողները պիտի շարունակեն հետամուտ ըլլալ իրենց օտարածին առաքելութեան։ Նախագահ Սարգսեան քաջատեղեակ է այդ առաքելութեան նպատակներուն.-

ա. Մասնատուած ու փոքրացած Արցախի Հանրապետութեան վերջնական միաձուլում Ատրպէյճանի տարածքին մէջ։

բ) Հայաստան-Թուրքիա ներկայ սահմանագծի վերջնական ճանաչում (սահմանագիծ մը, որ իրաւականօրէն չէ հաստատուած եւ պէտք չէ հաստատուի, այնքան ատեն որ Թուրքիա ապօրինաբար բռնագրաւած կը պահէ հայութեան հայրենական տարածքները՝ սահմանին միւս կողը։)

գ) Հրաժարում Սեւրի Դաշնագրէն։

դ) Իրաւականօրէն մերժում Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռին։

ե) Սփիւռքը հայրենիքէն օտարացնելու աւելի խորացում։

զ) Հայ Դատը դարձնել իմաստազուրկ եւ ժամանակավրէպ։

է) Շարունակել հետապնդումը հայրենի ժողովուրդի ապազգայնացման։

Հայաստանի ու հայութեան սպառնացող այս հեռանկարներով կը հեռանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը։ Կը հեռանայ սովորական ճամբորդի նման, բայց դասալիքի ցուպը ձեռին։

Share