Վերջին տասնամեակներուն, Լոս Անճելըսի հայ համայնքը, Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կատարած է գաղութի հիմնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած Միացեալ Մարմնի միջոցով: Այս մարմնին մաս կազմած է կազմակերպութիւններ, քաղաքական կուսակցութիւնները, կրօնական յարանուանութիւնները, բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւններ, իսկ այժմ, Միացեալ Մարմնին միացած են աւելի քան 40 միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
Այս տարի, անգամ մը եւս նկատի ունենալով «Քորոնա» համաճարակի պատճառով ստեղծուած իրավիճակը եւ պահելով առողջապահական բոլոր ուղղեցոյցները, Միացեալ Մարմինին որոշումով, Շաբաթ, 23 Ապրիլ, 2022 թուականին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կրօնական արարողութեամբ մը պիտի ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը, մասնակցութեամբ գաղութի յարանուանութիւններու հոգեւոր հայրերուն: Վայր՝ Մոնթէպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, Հասցէ. 901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640.
Հրաւիրուած է հայ համայնքը մասնակցելու եւ յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր սրբադասուած անմեղ ահատակներու յիշատակին:
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմին
Լոս Անճելոս
Մարտ, 2022