«ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԴԱՒԱՃԱՆ»-ը եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու «ԱՊՕՐԻՆԻՆԵՐ»-ը

«ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԴԱՒԱՃԱՆ»-ը եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու «ԱՊՕՐԻՆԻՆԵՐ»-ը

Այսօր Հայաստանի հանրապետութիւնը կը գտնուի անդունդի եզրին, որովհետեւ սուտերու հաւատալով հայութիւնը 2018-ին իշխանութեան բերաւ անձ մը (Նիկոլ Փաշինեանը), որ ղեկավարութիւնը ստանձնելով, պատուիրուած, կազմաքանդեց հայութեան դարերու փոթորիկներուն դէմ պահպանած ազգային հիմնասիւները՝ կրօնք, ընտանիք, պատմութիւն, լեզու, մշակոյթ, որոնք իրենց կարգին հայ պահած էին զիրենք գիտակցաբար խնամողը:

– Այդ անձը, իր հետագայ քայլերը յաջողցնելու համար, նախ սկսաւ հայութիւնը սեւի ու ճերմակի, հինի ու նորի, յեղափոխականի ու հակայեղափոխականի բաժան-բաժան կոտորակելով անոր միասնակութիւնը բեկանել:

– Լուծարեց կարեւորագոյն նախարարութիւններ. մշակոյթի, գիւղատնտեսութեան, սփիւռքի եւ երիտասարդութեան ու մարզաշխարհի: Եթէ ընկերութեան մը որոշ պաշտօնեաներ իրենց պարտաւորութիւնները արժանաւորապէս չեն կատարեր, ընկերութիւնը չի փակուիր, այլ տուեալ պաշտօնեան կը հեռացուի… 

– Նախորդ պատերազմներու յաղթանակած զինուորական մասնագիտութեան արհեստավարժ զօրավարներն ու սպաները հեռացուց ո՛չ միայն բանակէն, այլեւ ընդհանրապէս Պաշտպանութեան նախարարութենէն:

– Հակասահմանադրական շարունակական եւ հերթական որոշումներով ու կեղծիքով պատած քայլերով կա՛մ անդամալուծեց եւ կա՛մ իր գործունէութեան ուղիէն շեղեց պետական համակարգի իւրաքանչիւր մարզը՝ ապահովական, տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, հարկային, դատական եւ այլն:

– Հայկականէն ու ազգայինէն դէպի համաշխարհայնացում տարաւ իմ վերը յիշած հայութեան հիմնասիւներու իւրաքանչիւր մարզ: Նպատակը՝ ապազգայնացում: 

– Յաջողցուց պետական գանձի իսկական թալան, թէ՛ ապօրինի գործարքներով, թէ՛ բացայայտուած մաքսանենգութիւններով եւ թէ՛ մանաւանդ իշխանութեան անարժաններուն մեծագումար պարգեւավճարներով (թալա՞ն թէ ո՛չ), բայց միշտ ամբաստանելով որ «հիներ»-ն էին թալանողները, որոնցմէ որեւէ մէկուն դէմ փաստացի վճիռով չկրցաւ աւարտել «իմ կամքին հակառակ ո՞ր դատաւորը կը համարձակի որոշում առնել»-ու իրեն հպատակ դատական համապատասխան համակարգով սկսած որեւէ քրէական ծրար: Ո՞ւր էին, իր երկուքակէս տարի, ամբողջ պետական համակարգը գործածելով, (նոյնիսկ անտեղիօրէն Հայաստանի գաղտնի սպասարկութիւնը – ԱԱԾ-ն), տքնաջան հետապնդած միլիոնաւոր (երբեմն ալ միլիառաւոր յորջորջուած) տոլարներու «հիներ»-ուն   գողօնները… չէ՞ որ «կոպեկ առ կոպեկ» զանոնք պիտի վերադարձնէր ժողովուրդին. այո՛, քանի մը կոպեկ գրաւեց, բայց ժողովուրդին չի վերադարձուց, այլ կասկածելի հիմնադրամներու…  

Չմոռնամ նաեւ յիշեցնելու Հայաստան համահայկական հիմնադրամէն, անոր իսկ կանոնադրութեան հակառակ, վերջին պատերազմի աւարտին օրերուն, Հայաստանի հանրապետութեան Պետական պիւտճէ փոխանցուած բազմամիլիոն տոլարները ու անոր յաջորդած անօրէն կանխիկ գանձումները անընդունելի (կասկածելի) արժէքներով գնումներու եւ չբացատրուած յատկացումներու համար: Թալա՞ն թէ ո՛չ:

– Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ ահարկու սուտերով հայութեան աչքին տեւական փոշի փչեց, կարծել տալով թէ հայ հասարակութիւնը կ’առաջնորդէ դէպի իր արտասանած մի քանի ոտանաւորներուն աւետած երկիրը:

– Հ.Յ. Դաշնակցութեան դէմ, ամէն առիթով, թափեց թունաւոր մաղձ, որուն մասնակցեցան նաեւ իշխանութեան իր կուսակիցները (այսինքն՝ «ուսապարկեր»-ը կամ «սպիտակ թուղթի վրայ ստորագրողներ»-ը), ԲԱՅՑ շատ անգամ տարբերութիւն դնելով ներսի եւ դուրսի Դաշնակցականներուն միջեւ՝ որ ներսինները «եղծագործ (կոռումպացուած) ու ապականածներ»-ն են, իսկ դուրսիննրը «ջինջ ու մաքուրներ»-ը: Հոս հարկ է յստակացնել, թէ ո՞վքեր էին իր ակնարկած այդ «ուղղամիտ» Դաշնակցականները, որ կը խտրականացնէր ներսիններէն: Անշուշտ Սփիւռքի բոլոր Դաշնակցականները իր մտքին մէջ չէին, այլ անոնք որ կը զօրակցէին իրեն կա՛մ խաբուելով կա՛մ ալ իր նման թելադրուած, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի այդ ժամանակուան ղեկավարութեան:

Առիթով մը, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը «անցած, հեռացած գնացք»-ի նմանցուց, ինքզինք Յիսուս Քրիստոսի նմանցնող օտարի դրածոն: ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի այդ օրուան ղեկավարութիւնը չհակադարձեց:

Այլ գլուխ-գործոց մը Դաշնակցութիւնը «բացիլ» կոչելն էր (բացիլը հիւանդութեան մանրէի տեսակ է). ինքնաճանաչումը բարձր առաքինութիւն է, եթէ անոր փոքր տոկոսով ծանօթ ըլլար: Կրկին անգամ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի այդ օրերու աթոռակալները չընդդիմացան:

– 27 սեպտեմբերին սկսած ու 9 նոյեմբեր 2020-ին հայրենատուութեամբ աւարտած Հայաստան ընդդէմ Ազրպէյճան (առաւել Թուրքիա ու այլ երկիրներ) պատերազմին դաւաճանական, լրտեսական ու թշնամիին գործակալները հաշուետուութենէ զերծ պահելու հարիւրաւոր պարագաները պսակադրումն էին երկուքուկէս տարուան ընթացքին Հայաստանի ու հայութեան հիմնարար սիւներուն ջախջախումին:

Վերոյիշեալ բոլոր կէտերը, մեր թշնամի թուրքին (եւ անշուշտ ազերիին) համաթուրանական ծրագիրները իրագործելու համար, ո՞վ կրնար աւելի յաջողութեամբ կատարել…

Հայաստանի մէջ, յետ պատերազմին, ժողովուրդը բազմաթիւ ցոյցերով, հաւաքներով, երթերով եւ հրապարակային այլ գործողութիւններով կը պահանջէ այլեւս «գերագոյն դաւաճան» դարձածին ու իր «պայմանագրաւորներ»-ուն հրաժարականը, բայց անոնք, ժողովուրդին երկու տարի առաջուան քուէարկութիւնը պատճառաբանելով, իրենք իրենց ժողովուրդի ներկայացուցիչ կոչելով, կը յամառին մնալ իրենց իշխանութեան վրայ, ամէն բռնութիւն գործադրելով նոյն ժողովուրդին ու ցուցարարներուն դէմ:

Իսկ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի այժմ արդէն ոչ-դաշնակցական նախկին ղեկավարութիւնը ի՞նչ կ’ընէ. ընդդիմանալով ՀՅԴ Բիւրոյին զիրենք լուծարելու քայլին, իրենք իրենց տակաւին կը կոչեն ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէ, կը գրաւեն (կը գողնան) հայութեան եւ Դաշնակցութեան պատկանող ունեցուածքը, նիւթականը եւ լրատուամիջոց «Ասպարէզ»-ը. այս ոտնձգութիւնը նմանակը չէ՞ վերը իմ թուած Հայաստանի աթոռակալներուն նիւթական թալանին: Նաեւ ո՛չ մէկ կեցուածք իրենց կողմէ «գերագոյն դաւաճան»-ին էութիւնը իր երեսին խփող՝ դաւաճան բնութագրող:

Այսպէս, իրենց աթոռներուն կառչած կը մնան, պատճառաբանելով թէ իրենք ընտրուած են, Հայաստանի մէջ դաւաճանները, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ՝ ԱՊՕՐԻՆԻ, նախկին Դաշնակցականները, նոյն ժամանակ, նոյն ոճով, նոյն դասարանին մէջ սորվածի նման:

Աշխարհի պատմութեան մէջ պատերազմը կորսնցուցած իշխանաւորները կա՛մ կը հրաժարին իրենց պաշտօնէն ու կը քաշուին հրապարակէն (եւ ո՛չ միայն քաղաքականութենէն), կա՛մ, ինքնասիրութեան տէր ղեկավարներուն պարագային՝ իրենց կեանքէն՝ անձնասպանութեամբ: Երկու օրինակ. երկրորդ համաշխարհային պատերազմին Պերլինի անկումէն ետք, Գերմանիոյ ֆուհրեր Ատոլֆ Հիթլերը եւ նոյն աշխարհամարտին Օքինաուա կղզիին (Հաքսօ Ռիտճի) ամերիկացիներուն կողմէ գրաւումէն ետք, անոր ճափոնցիներու գլխաւոր հրամանատար Միթսուրու Ուշիժիման (այդ ալ Ճափոնական ծիսական ոճով): Հայաստանի ինքնասիրութենէ զուրկ «գերագոյն դաւաճան»-էն նման վեհանձնութիւն չտեսաւ հայութիւնը:

Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու գործընթացը սկսելու համար «գերագոյն դաւաճան»-ը վերջերս հրաժարեցաւ վարչապետի իր պաշտօնէն. Հայաստանի հանրապետութեան Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն պէտք է դադրէին իր բոլոր (կը շեշտեմ «բոլոր») իրաւասութիւնները ու դառնար ո՛չ թէ պաշտօնակատար, ո՛չ թէ ժամանակաւոր, այլ պարզ քաղաքացի, իր պարագային դաւաճան քաղաքացի, ենթակայ քրէական պատասխանատուութեան իր բազամաթիւ հակասահմանադրական յանցանքներուն եւ մանաւանդ դաւաճանութեան համար. ԲԱՅՑ ան, ի՜նչ-ի՜նչ նեցուկով եւ որո՜ւ պատուէրով քանիերորդ անգամ ըլլալով կը բռնաբարէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, կը շարունակէ ինքզինք վարչապետ նկատել ու համարձակիլ նոյնիսկ հողատուութեան նոր համաձայնագիր ստորագրել Ազրպէյճանի հետ:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ ի՞նչ կը պատահի. ԱՊՕՐԻՆԻՆԵՐ-ը, հակառակ ՀՅԴ Կանոնագրի բոլոր համապատասխան տրամադրութիւններուն, չեն ընդունիր ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումները, կը յամառին իրենք իրենց մարմին սեպել եւ կը շարունակեն իրենց օրինազանցութիւնները Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ քայլերով:

Արդ, նմանութիւն մը եւս՝ հակասահմանադրական-հակականոնագրային. նոյն դասընթացք, տարբեր աշակերտներ, բայց նոյն նպատակ:

Անշուշտ, հակառակ ԱՊՕՐԻՆԻՆԵՐ-ուն ճիգերուն, դեկտեմբեր 2020-ին արդէն կեանքի կոչուած է օրինական ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէ, որ ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն, կը գործէ իրականացնելու համար ՀՅԴ Ծրագիրով իր պարտաւորութիւնները թէ՛ իր շրջանին եւ թէ՛ Հայաստանի հանդէպ:

Վերոյիշեալ բոլոր ժխտական երեւոյթներէն եւ իրականութիւններէն վնասուողները Հայաստանը, հայկական պետականութիւնը եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի հայ ժողովուրդն են: Այն նեցուկը եւ թիկունքը, որ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցը պիտի տրամադրէր Հայաստանին, օրհասական ու ճակատագրական այս օրերուն, այժմ կը հիւծի թէ՛ Հայաստանի «գերագոյն դաւաճան»-ին եւ թէ՛ Արեւմտեան Ամերիկայի ԱՊՕՐԻՆԻՆԵՐ-ուն պատճառով: Հիւծախտը կասեցնելու այլընտրանք չկայ:

Սարգիս Տաղտէվիրեան
27 մայիս 2021

Share