ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ

Read in English

Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ վարուող արտաքին ձախող քաղաքականութեան։ Արձանագրուած է այն փաստը, որ այս քաղաքականութիւնը յանգեցուց պատերազմի՝ հողերու կորուստի, ինչպէս նաեւ մարդկային ու նիւթական անչափելի կորուստներու։

Իսկ հիմա ականատես ենք Թուրքիոյ նկատմամբ ՀՀ իշխանութիւններուն վարած զիջողական ու ամէն գնով Անգարան գոհ պահող քաղաքականութեան։

Այսու կը յայտարարենք.-

1.- Մեզի համար անընդունելի է Թուրքիոյ կողմէ Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման համազգային սկզբունքէն որեւէ զիջում։

2.- Այս սկզբունքը ամրագրուած է 2015ի Յունուարին հրապարակուած Ծիծեռնակաբերդի հռչակագրով ու ատիկա կ՚արտայայտէ մեր Ազգին կամքը։ Ո՛չ մէկ իշխանութեան արտօնուած է հրաժարիլ այդ փաստաթուղթի տրամադրութիւններէն։

3.- Խստօրէն կը դատապարտենք ՀՀ ներկայ իշխանութիւններուն ներկայ վարքագիծը, որ կը ձգտի տնտեսական կեղծ շահերու, կամ նոյնքան կեղծ ու իբրեւ թէ ապաշրջափակման դիմակին տակ հրաժարելու մեր ազգային պահանջատիրութենէն։

4.- Կ՚ուզենք յիշեցնել ՀՀ ներկայ իշխանութիւններուն, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը անցեալին ձախողեցուց հայ-թրքական այսպէս կոչուած «հաշտեցման» ճիգերը, ինչպէս նաեւ տխրահռչակ «փրոթոգոլներու» ամբողջ թղթածրարը։ Նոյն տրամաբանութենէն ու սկզբունքէն մեկնելով, մենք այսօր եւս վճռական ենք՝ ձախողեցնելու համար իրենց թրքահաճոյ ու էապէս հայավնաս քաղաքականութիւնը։

5.- Անզիջող կերպով կառչած կը մնանք Թուրքիոյ կողմէ Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման ու մեր ազգին դէմ գոծուած այդ նոյն ոճիրին հատուցման պահանջին։

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷ

8 Ապրիլ 2021
Լոս Անճելըս

Share