Հայկական ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած հայութեան համաշխարհային ճիգերուն նպատակը պատմական փաստերու վերահաստատումը չէ եղած։ Ոչ ոքի կարիքը ունինք հաստատելու, թէ Հայկական ցեղասպանութիւնը պատահած է։
Մեր հսկայական ճիգերուն նպատակը միշտ եղած է մղելու աշխարհը, որպէզի արդար ու բարոյական կեցուածք ճշդէ մարդկութեան դէմ գործուած այս մեծ ոճիրին դէմ ու այդպէս ընելով՝ առնէ առաջին քայլերը, որպէսզի արդարութիւնը վերականգնի հայ ազգին նկատմամբ։
Հետեւաբար, մեր երախտագիտութիւնը յայտնելով նախագահ Ճօ Պայտընի, որ Հայաստանի, Արցախի ու ամբողջ հայութեան համար այս ճակատագրական օրերուն, նախաձեռնած է ամերիկեան քաղաքականութիւնը ուղղելու դէպի բարոյականութիւն, ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն։ Չենք կրնար ուրանալ այն հանգամանքը, որ այս ճանաչումը պէտք չէր ենթադրութիւններու ենթակայ ըլլայ։
Դժբախտաբար, այն ինչ որ բնականօրէն ու առանց ճիգի պէտք է եղած ըլլար, այսօր կը կատարուի ամերիկահայութեան տասնամեակներու վրայ երկարող ճիգերուն իբրեւ արդիւնք։
Մասնայատուկ կերպով կ՚արձանագրենք մեր երախտագիտութիւնը Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին, իր բազում գործիչներուն, կամաւորներուն եւ զօրակցողներուն, որ առաջնորդեցին այն հսկայական ճիգը, որ վերջ դրուի ամերիկեան քաղաքականութիւնը լռեցնելու միտող թրքական ջանքերուն։
Զուգահեռաբար, այս յառաջխաղաքը շուքի մէջ կը մնայ ի տես Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ հայ ազգին դէմ մղուած ցեղասպանական արշաւին, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ Արցախի նկատմամբ, անցնող Սեպտեմբեր 27էն ի վեր։
44 օր տեւած պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած ցեղասպանական արարքները լայնօրէն լուսաբանուած են մամուլին մէջ։ Եւ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին դէմ իրագործուած այն քանդումը, ինչ որ կարելի էր կանխարգիլել, կամ գէթ նուազագոյնի հասցնել (պատերազմէն առաջ, ատոր ընթացքին ու ատկէ վերջ՝ Փաշինեանի վարչախումբին կողմէ), յանգեցաւ այն հսկայական ու անչափելի աղէտին, որուն ականատես եղանք։ Աղէտ մը, որուն ենթարկուեցան ու տակաւին կ՚ենթարկուին Հայաստանի ու Արցախի մեր արենակիցները։
Այսօր, մօտաւորապէս 6 ամիս վերջ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած եռակողմ յայտարարութենէն, երբ Արցախի 75 տոկոսը բռնագրաւուած է, երբ մեր ժողովուրդը տակաւին կը սգայ իր հազարաւոր նահատակները, վիրաւորները եւ անհետ կորածները, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով գերիներ (որոնք կը տառաջին Ատրպէյճանի մէջ), երբ Արցախի մէջ մեր կրօնական ու մշակութային կոթողները անարգել կերպով կը քանդուին, Փաշինեանի անօրինական վարչախումբն ու իր մանկլաւիկները կը շարունակեն իրենց միակողմանի ու քանդիչ ելոյթները՝ Թուրքիոյ հետ կապերու «բանանոնացման» ու «բաց սահմաններու» հարցերով, անոնք փաստացիօրէն կը գործակցին այս զոյգ ոճրային պետութիւններուն հետ, որպէսզի իրականացուին անոնց հակահայ եւ փանթուրանական նկրտումները։
Սիրելի հայրենակիցներ, հայկական ազգային հաւաքական գիտակցութիւնը, որ մեզի փոխանցուած է հայկական շահերու նախապատուութեանց քաջածանօթ բազում պատմական դէմքերու կողմէ, հանդիսացաւ հիմքը այն ուղիին, որ մեզ հասցուց Հայաստանի անկախութեան՝ Ցեղասպանութենէն անմիջապէս վերջ։
Այս նոյն ուղին է, որ պաշտպանած եւ առաջ մղած է Հայ դատը Սփիւռքի մէջ։ Նոյն ուղին է, որ մեզ առաջնորդած էր Արցախի ազատագրութեան։
Համաշխարհային ուժերու խումբ մը, որուն շահերը կը հակադրուին մեր կենսական շահերուն, այսօր կը փորձէ պարտադրելու մեր ժողովուրդին, որպէսզի ան շեղի այդ նոյն ուղիէն, մեր ազգային ու ապահովական շահերէն։ Դժբախտաբար, այս նոյն օտար ուժերը գտած են իրենց գործակիցները՝ առաջին հերթին յանձինն Նիկոլ Փաշինեանի ու իր բռնատիրական վարչախումբին, որ ցարդ յաջողած է մոլորեցնելու եւ շահագործելու մեր տառապած ժողովուրդին մէկ հատուածը, այն աստիճան, որ ան մեր կրթական համակարգին նկատմամբ վարչախումբին քանդիչ վարքագիծը համարէ «կրթական բարեփոխում», դատական համակարգը հպատակեցնելու ճիգերը համարէ «դատաիրաւական բարեփոխումներ», իսկ պետութեան ամավարկը լափելը համարէ «հակակոռուպցիոն ծրագիր»։
Այս էապէս քանդիչ ընթացքին տարողութիւնը լիովին ըմբռնելու համար, անհրաժեշտ է, որ համախմբուինք, որպէսզի փրկենք այն ինչ որ մնացած է մեր հայրենիքէն, որպէսզի կարենանք զայն վերակառուցել։
Համախմբուինք, որպէսզի վերջ տանք օտարածին ազդեցութիւններուն մեր երկրէն ներս։
Համախմբուինք, որպէսզի վերականգնենք մեր ժողվուրդին ազգային արժանապատուութիւնը։
Համախմբուինք, որպէսզի մեր իսկ ձեռքերով վերատիրանանք մեզմէ խլուած իրաւունքներուն։
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷ
24 Ապրիլ 2021
Լոս Անճելըս