Զարեհ Մարգարեան ծնած է Լիբանան, 16 Օգոստոս, 1944- ին, Մարգար եւ Սիրվարդ Մարգարեաններուն ընտանիքին մէջ, երեք եղբօր եւ մէկ քրոջ երիցագոյնը, որ իր համեստ եւ ծառայասէր բնաւորութեամբ կը դառնայ ընտանիքին եւ շրջապատին սիրոյ, գուրգուրանքին առարկան:
Նախնական եւ երկորդական կրթութիւնը ամբողջացնելէ ետք՝ կը յաճախէ Պէյրութի Establishment Oriental College-ը, եւ կը հետեւի գիշերային դասընթացքներու. աւարտելէ ետք՝ կը մտնէ կեանքի ասպարէզ՝ կ’ընդունուի Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան ընկերային ծառայութեան (Movement Social) բաժանմունքի կեդրոնական դեղարանի (Central Pharmacy)-ին իբր տնօրէնի օգնական, մինջեւ իր Միացեալ Նահանգներ փոխադրուիլը:
Փոքր տարիքէն մաս կը կազմէ Պուրճ Համուտի Թրատ թաղամասի (Նոր Ատանա) Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» պատանեկան միութեան շարքերը, ստանձնելով վարչական պատասխանատուի պարտականութիւններ՝ 1959-էն մինջեւ 1965-ի տարիները, կը մասնակցի պատանեկան միութեան կողմէ կազմակերպուած թատերական երկու ներկայացումներու՝ Պուրճ Համուտի «Մելքոնեան» թատերասրահէն ներս, առաջինը
«Մեծապատիւ Մուրացկանները»ը բեմադրութեամբ Թաթուլ Այնեճեանի, երկրորդը՝ «Զահրումարը» բեմադրութեամբ Գառնիկ Գազանճեանի:
Հայ մշակոյթին հանդէպ ունեցած սէրին պատճառով՝ 1965-ին կը միանայ Պուրճ Համուտի «Համազգային»ի շարքերը՝ մասնակցելով աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կ’անդամակցի Պէյրութի Հ.Մ .Ը.Մ.-ին մաս կազմելով հեծելարշաւի խումբին՝ նախ իբրեւ մարզիկ՝ ապա մարզիչի (այդ ժամանակուայ մարզիչ՝ Յովհաննէս Ծատուրեանի Օգնականի հանգամանքով):
1965-ին իբր երդուեալ դաշնակցական կը միանայ Թրատ թաղամասի Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան շարքերը, կնքահայրութեամբ ողբացեալ Ընկէր Կարօ Սասունիի, մնալով ու ծառայելով իր սիրած ու պաշտած կուսակցութեան՝ մինչեւ իր վերջին շունչը:
1975-ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով, կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ կը հաստատուի Պոսթոն, կ’ընդունուի «Massachusetts General Hospital» նշանաւոր հիւանդանոցի դեղարանի բաժնին մէջ, կը գործէ իբր (Certified վկայեալ Pharmacy Technician), յարգուելով պաշտօնեաներու եւ պատասխանատուներու կողմէ, արժանանալով շարք մը գնահատագրերու: Նաեւ կամաւոր կերպով կը կատարէ միջին արեւելքէն ժամանած հիւանդներու թարգմանութիւն անգլերէնէ արաբերէն լեզուի եւ հակառակը:
Նոյեմբեր 9, 1975-ին կ’ամուսնանայ Սեդա Խաչէրեանի հետ, կը բախտաւորուին երկու դուստրերով՝ Սիլվին եւ Լիզան, որոնք կը յաճախեն Պօսթոնի Lexington շրջանի Հայ Քոյրերու վարժարան՝ «Ծիծեռնակաբոյն» եւ ինչպէս նաեւ մաս կը կազմեն շրջանի Պօսթոնի Watertown մասնաճիւղի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական շարքերը ու Համազգայինի պարախումբին:
Հանգուցեալը Զարեհը Պոսթօնի մէջ նաեւ կը միանայ շրջանի Հ.Յ.Դ. «Սարդարապատ» Կոմիտէութեան ստանձնելով պատասխանատու պարտականութիւններ, ապա 1986-ին երբ կը փոխադրուի Գալիֆորնիա իր ընտանիքին հետ, այստեղ կը միանայ ՀՅԴ «Ահարոնեան» Կոմիտէութեան եւ երկար տարիներ հաւատարիմ իր գաղափարին կը շարունակէ գործել եւ ծառայել. իսկ 2017 թուականին, երբ բնակութիւն կը հաստատէ Փասատինա, երկու տարի ետք կը միանայ ՀՅԴ «Լեռնավայր» Կոմիտէութեան մինչեւ իր մահկանացուն կնքելը:
Զարեհը, բազմաթիւ անգամներ կը մասնակցի շրջանային Ընդհանուր ժողովներուն, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս՝ կ’ընտրուի սկաուտական խորհուրդի ատենապետ՝ ապա վարչութեան ատենապետ:
Նաեւ մաս կը կազմէ Համազգայինին՝ ստանձնելով ատենապետի պարտականութիւնը, կ’ընտրուի Համազգայինի «Պօսթոն» մասնաճիւղի կողմէ ներկայացուցիչ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի այդ ժամանակներու Միացեալ շրջանային վարչութիւններու կազմին, ապա հիմնադիր Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի անդամ Համազգայինի առաջին շրջանային վարչութեան իբր քարտուղար:
1981-ին Համազգայինի շրջանային վարչութեան կողմէ կը գնահատուի Ոսկեայ շքանշանով:
Հանգուցեալը Լոս Էնճըլըս հաստատուելէ ետք, կ’ընդունուի ու կը գործէ «Veterans Medical Center»-ի Sepulveda շրջանի հիւանդանոցի դեղարանի բաժնին մէջ՝ իբր վկայեալ Pharmacy Technician մինչեւ 2014-ին հանգստեան կոչուիլը եւ կ’արժանանայ բազմաթիւ գնահատագրերու:
Անդամ էր ASHP-ին (American Society of Health System Pharmacist Organization-ին, ինչպէս նաեւ CSHP-ին «California Society of Health System Pharmacist & Technician» San Gabriel Valley Division կազմակերպութիւններուն:
2001-ին կը մասնակցի Ամսթերտամի Հոլանտայի մէջ կայացած Եւրոպայի դեղագործներու եւ Pharmacy Technician- ներու համագումարին, մաս կազմելով Ամերիկայի ներկայացուցիչներու մասնակցող անդամներու խումբին:
Զարեհը Los Angeles-ի մէջ նաեւ կը միանայ Համազգայինին, անցեալի փորձառութեամբ, կ’ընտրուի ատենապետ եւ երկար տարիներ կը ծառայէ Կլենտէյլի մասնաճիւղէն ներս. իր օրով 1989-ին կը ստեղծուի մանկապատանեկան խմբակը, շուրջ 300-է աւելի պատանի – պարմանուհի եւ երիտասարդներէ, որոնք կուգան ու կը մասնակցին պարային, թատերական ու երգչախմբային աշխատանքներուն, սոյն աշխատանքներու յաջողութեան մէջ մեծ դէր կ’ունենայ նաեւ կինը՝ Սեդան եւ իր երկու դուստրերը՝ Սիլվին ու Լիզան:
Երկու շրջան կ’ընտրուի ու մաս կը կազմէ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան իբր Քարտուղար. Հայաստանի մէջ կը մասնակցի առաջին անգամ կազմակերպուած «Ծաղկաձոր» պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին:
2008-ին Պօսթոնի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղի 35 ամեակին՝ վարչութեան կողմէ հրաւիրուելով կը պարգեւատրուի իբր անցեալի ատենապետ:
Հանգուցեալ Զարեհ Մարգարեան 20-է աւելի երկար տարիներ ծառայած է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պայծառութեան, թէ իբր հոգաբարձութեան քարտուղար, ապա ատենապետ եւ ազգային երեսփոխանի յանգամանքներով:
2010-ին, եկեղեցւոյս 35-ամեակի ուրախ առիթով նախկին առաջնորդ՝ Գերշն. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ ազգային վարչութեան կողմէ կը գնահատուի «Գիր Օրհնութեամբ», իսկ 2015-ին եկեղեցւոյ 40-ամեակի առիթով հոգաբարձութեան կողմէ գնահատագիր յուշատախտակով եւ 2017-ին՝ ազգային երեսփոխանական ժողովին Սրբազան հօր եւ ազգային վարչութեան կողմէ՝ տարուայ լաւագոյն հասարակական գործիչի Գնահատագիր յուշատախտակով: Նոյեմբեր 3, 2018-ին, Կլենտէյլի «Հիլթոն» Պանդոկի շքեղ սրահէն ներս կազմակերպուած Համազգայինի 90 ամեակի եւ Արեւմտեան շրջանի 50 ամեակի Կալա Հանդիսաւոր երեկոյթ Պարահանդէսի ընթացին, կը գնահատուի Հայ Մշակոյթի անդաստանէն ներս երկար տարիներու յոյժ ծառայութեան համար, որպէս հաւատաւոր եւ արժանավայել Համազգայանական:
Հանգուցեալ Զարեհ, եղած է բարի ամուսին, հոգատար հայր, մեծ հայր, եղբայր, հօրեղբայր, քեռի եւ զարմիկ:
Այստեղ կ’ուզենք յիշել հանգուցեալ Զարեհին վերջին խօսքերը ուղղուած իր տիկնոջ որ կ’ըսէ.- «Երախտապարտ ոգիով իմ խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ իմ զաւակներուս մօր եւ սիրելի կնոջս՝ Սեդային, որ մեր ամուսնական ուխտին հաւատարիմ՝ մինչեւ վերջ մնաց իմ կողքիս, խնամեց եւ հոգատար գտնուեցաւ ինծի հանդէպ, հակառակ բոլոր ֆիզիքական հիւանդութիւններուս եւ պատճառած դժուարութիւններուս»:
Զարեհ Մարգարեան իր մահկանացուն կնքեց Կիրակի, 31 Հոկտեմբեր, 2021-ին, շրջապատուած իր ընտանիքի անդամներով եւ հարազատներով. կորուստը կը սգան կինը՝ Սեդան, դուստրերը եւ փեսաները՝ Սիլվի եւ Յովհաննէս Ջաթիքաշեանները, Լիզա եւ Շանթ Եղիքեանները եւ հինգ սիրասուն թոռնիկները՝ Արամը, Րաֆֆին եւ Ժանոն, Միակ թոռնուհին՝ Արինը եւ Վանը, հարազատները, խնամիները, բարեկամներն ու ըներները: